Song of Solomon 3WARMB

1Իմ հոգիիս սիրածը Գիշերը մահիճիս մէջ փնտռեցի, Զանիկա փնտռեցի բայց չգտայ։

2Ելլեմ հիմա պտըտիմ քաղաքին մէջ, Փողոցներուն ու հրապարակներուն մէջ, Իմ հոգիիս սիրածը փնտռեմ։ Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։

3Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան։ «Արդեօք իմ հոգիիս սիրածը տեսա՞ք», ըսի ։

4Անոնցմէ քիչ մը առաջ անցնելով, Իմ հոգիիս սիրածը գտայ։ Զանիկա բռնեցի ու չթողուցի, Մինչեւ որ իմ մօրս տունը Ու զիս ծնանողին սենեակը տարի։

5Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, Ձեզ այծեամներով կամ դաշտին եղնիկներովը կ’երդմնցնեմ, Որ սիրուհիս չվերցնէք ու չարթնցնէք՝ Մինչեւ որ ինք ուզէ։

6Ո՞վ է ասիկա, որ զմուռսով եւ կնդրուկով Ու փերեզակներուն ամէն տեսակ փոշիովը խնկուած՝ Անապատէն կ’ելլէ ծուխի սիւներու պէս։

7Ահա Սողոմոնին գահոյքը, Որուն բոլորտիքը Իսրայէլի զօրաւոր մարդոցմէ Վաթսուն զօրաւոր մարդ կայ։

8Ամէնքն ալ սուսերաւոր Ու պատերազմի վարժուած են։ Գիշերուան վախին համար՝ Ամէն մէկուն սուրը իր ազդրին վրայ է։

9Սողոմոն թագաւորը Լիբանանի ծառերէն Գահաւորակ մը շինեց իրեն համար։

10Սիւները՝ արծաթէ, յենարանները՝ ոսկիէ, Բազմոցը ծիրանիէ շինեց, Որուն մէջ Երուսաղէմի աղջիկները Խիստ գեղեցիկ՝ ՝ ասեղնագործած էին։

11Ո՜վ Սիօնի աղջիկներ, ելէ՛ք Եւ Սողոմոն թագաւորը տեսէ՛ք Այն թագովը, որով իր մայրը՝ անոր փեսայութեան օրը Ու սրտին ուրախութեան օրը՝ պսակեց զանիկա։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Song of Solomon 3.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.