Song of Solomon 4WARMB

1Ահա դուն գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս, Ահա դուն գեղեցիկ ես։ Լաչակիդ մէջէն քու աչքերդ աղաւնիներ ու աչքերուն նման են. Քու մազերդ Գաղաադ լեռը պառկող՝ ՝ այծերուն հօտին պէս են։

2Ակռաներդ լուացարանէն ելլող խուզուած մաքիի հօտի պէս են, Որոնք՝ բոլորն ալ՝ երկուորեակ կը ծնանին Ու անոնց մէջ ամուլ չկայ։

3Քու շրթունքներդ կարմիր դերձանի պէս են Ու խօսուածքդ գեղեցիկ է։ Այտերդ լաչակիդ մէջէն՝ Նուռի կտորներու կը նմանին։

4Քու պարանոցդ զինարանի համար շինուած Դաւիթին աշտարակին պէս է, Ուր հազար ասպար կախուած են. Ամէնքն ալ զօրաւորներու վահաններ են։

5Քու երկու ստինքդ նման են երկու ուլերու, Որոնք այծեամի մը ծնած երկուորեակներն են Եւ շուշաններու մէջ կ’արածին։

6Օրուան հովը չփչած ու ստուերները չհեռացած, Ես զմուռսի լեռն ու կնդրուկի բլուրը պիտի երթամ։

7Բոլորովին գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս Եւ քու վրադ արատ չկայ։

8Ո՛վ իմ հարսս, ինծի հետ Լիբանանէն եկո՛ւր, Ինծի հետ Լիբանանէն եկո՛ւր. Ամանայի գագաթէն, Սանիրի ու Հերմոնի գագաթէն, Առիւծներու մորիներէն ու ինձերու լեռներէն նայէ։

9Սիրտս առիր, ո՛վ իմ հարս քոյրս, Սիրտս առիր քու մէկ աչքովդ Եւ պարանոցիդ մէկ քառամանեակովը։

10Քու սէրդ ի՜նչ գեղեցիկ է, ո՛վ հարս քոյրս. Քու սէրդ գինիէն աղէկ է Ու քու իւղերուդ անուշահոտութիւնը՝ Բոլոր խունկերէն։

11Շրթունքներէդ խորիսխի մեղր կը կաթի, ո՛վ իմ հարսս, Լեզուիդ տակ մեղր ու կաթ կայ։ Քու զգեստներուդ անուշահոտութիւնը Լիբանանի հոտին պէս է։

12Իմ հարս քոյրս փակեալ պարտէզ մըն է, Փակեալ աղբիւր ու կնքուած աղբերակ մըն է։

13Քու տունկերդ քաղցրահամ պտուղներով, Հինաներով ու նարդոսներով՝ նռնենիներու դրախտ են։

14Նարդոս եւ քրքում, եղէգն ու կինամոն, Ամէն տեսակ կնդրուկի ծառով, զմուռսով ու հալուէով Եւ բոլոր գլխաւոր խունկերով։

15Պարտէզներու աղբիւր, Կենդանի ջուրի ջրհոր Ու Լիբանանէն վազած հեղեղներ։

16Արթնցի՛ր, ո՛վ հիւսիս, եկո՛ւր, ո՛վ հարաւ, Իմ պարտէզիս մէջ փչէ, որպէս զի անոր խունկերը բուրեն։ Իմ սիրականս թող իր պարտէզը գայ Ու իրեն ախորժելի պտուղները ուտէ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Song of Solomon 4.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.