Song of Solomon 2WARMB

1Ես Սարօնին ծաղիկն եմ Ու հովիտներուն շուշանը։

2Ինչպէս շուշանը փուշերուն մէջ, Այնպէս է իմ սիրուհիս աղջիկներուն մէջ։

3Ինչպէս խնձորենին անտառի ծառերուն մէջ, Այնպէս է իմ սիրականս երիտասարդներուն մէջ։ Անոր հովանիին տակ ախորժելով նստայ Ու անոր պտուղը իմ քիմքիս քաղցր է։

4Զիս խնճոյքին տունը բերաւ։ Անոր դրօշը իմ վրաս սէր էր։

5Զիս կարկանդակներով զօրացուցէ՛ք, Զիս խնձորներով ուժովցուցէ՛ք, Վասն զի ես սիրով կը նուաղիմ։

6Անոր ձախ ձեռքը իմ գլխուս տակ ըլլայ Ու աջ ձեռքը զիս գրկէ։

7Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, Ձեզ այծեամներով կամ դաշտի եղնիկներով կ’երդմնցնեմ, Որ սիրուհիս չվերցնէք ու չարթնցնէք, Մինչեւ որ ինք ուզէ։

8Իմ սիրականիս ձայնն է։ Ահա անիկա լեռներուն վրայէն ցատկելով Ու բլուրներուն վրայէն ցատկռտելով կու գայ։

9Իմ սիրականս այծեամի կամ եղնիկի ձագի կը նմանի։ Ահա հիմա մեր պատին ետեւը կայներ է, Պատուհաններէն կը նայի, Վանդակներէն կ’երեւնայ։

10Իմ սիրականս պատասխան տալով՝ ինծի ըսաւ. «Ելի՛ր, ո՛վ սիրուհիս, ո՛վ գեղեցիկս ու եկո՛ւր.

11Քանզի ահա ձմեռը անցաւ, Անձրեւները անցան գացին։

12Գետնին վրայ ծաղիկներ կ’երեւնան, Յօտելու ժամանակը հասաւ Ու մեր երկրին վրայ տատրակին ձայնը կը լսուի։

13Ահա թզենին իր թուզերը կը հասունցնէ Ու որթատունկերը ծաղկեցան եւ իրենց հոտը կու տան։ Ելի՛ր, ո՛վ սիրուհիս, ո՛վ գեղեցիկս ու եկո՛ւր։

14Ո՛վ իմ աղաւնիս, վէմին խոռոչներուն մէջ, Ապառաժին հովանիին տակ եկուր ։ Երեսդ ցուցո՛ւր ինծի, թող ձայնդ լսեմ, Քանզի ձայնդ քաղցր ու դէմքդ գեղեցիկ է։

15Բռնեցէ՛ք մեզի աղուէսները՝ Վասն զի մեր այգիները ծաղկեր են։

16Իմ սիրականս իմս է ու ես անո՛րն եմ։ Անիկա իր հօտը շուշաններու մէջ կ’արածէ։

17Օրուան հովը չփչած ու ստուերները չհեռացած՝ Դարձի՛ր, ո՛վ իմ սիրականս Ու Բեթերի լեռներուն վրայի այծեամին պէս Կամ եղնիկներու ձագին պէս եղիր։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Song of Solomon 2.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.