Ruth 3WARMB

1Հռութին կեսուրը՝ Նոեմի՝ անոր ըսաւ. «Աղջի՛կս, քեզի տուն մը չփնտռե՞մ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։

2Հիմա Բոոս մեր ազգականը չէ՞, որուն աղջիկներուն քով կեցար դուն. ահա անիկա այս գիշեր կալին մէջ գարին պիտի հոսէ։

3Դուն լուացուէ՛ ու իւղով օծուէ՛ եւ լաթերդ հագի՛ր ու կալը իջի՛ր եւ մինչեւ որ ուտելն ու խմելը չլմնցնէ, այն մարդուն մի՛ յայտնուիր։

4Երբ քնանայ, անոր պառկած տեղը իմացիր եւ գնա անոր ոտքերուն կողմէն ծածկոցը բաց ու պառկէ եւ անիկա քեզի պիտի իմացնէ թէ ի՞նչ ընելու ես»։

5Ու Հռութ անոր ըսաւ. «Ամէն ինծի ապսպրածներդ պիտի ընեմ»։

6Կալը իջաւ ու կեսրոջը ապսպրածին պէս ըրաւ։

7Բոոս ուտելէն, խմելէն ու սիրտը զուարճանալէն ետքը՝ դիզուած գարիին եզերքը պառկելու գնաց։ Հռութ ալ կամացուկ մը գնաց ու անոր ոտքերուն կողմէն ծածկոցը բացաւ եւ պառկեցաւ։

8Կէս գիշերին մարդը վախցաւ ու ծռելով տեսաւ որ ահա իր ոտքերուն քով կին մը պառկեր էր, ըսաւ.

9«Դուն ո՞վ ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես քու աղախինդ Հռութն եմ եւ քու քղանցքդ քու աղախինիդ վրայ տարածէ, քանզի դուն մօտ ազգականս ես»։

10Ան ալ ըսաւ. «Դուն Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաս, աղջիկս. քու վերջի աղէկութիւնդ առաջուանէն մեծ է, որովհետեւ աղքատ կամ հարուստ երիտասարդներու ետեւէն չգացիր։

11Հիմա, ո՛վ աղջիկս, մի՛ վախնար, դուն ինծի ինչ որ ըսես, պիտի ընեմ. քանզի իմ քաղաքիս բոլոր ժողովուրդը՝ ՝ գիտէ որ դուն առաքինի կին մըն ես։

12Իրաւցընէ ես քու ազգականդ եմ, բայց ինծմէ աւելի մօտ ուրիշ ազգական մըն ալ կայ։

13Այս գիշեր հոս կեցիր ու եթէ անիկա առաւօտուն իր ազգականութեան պարտաւորութիւնը քեզի հատուցանել ուզէ, աղէ՛կ, թո՛ղ հատուցանէ. բայց եթէ անիկա ազգականութեան պարտաւորութիւնը քեզի հատուցանել չուզէ, այն ատեն ես կը հատուցանեմ։ Կենդանի է Տէրը՝ մինչեւ առաւօտ հոս պառկէ »։

14Ուստի մինչեւ առաւօտ անոր ոտքերուն քով պառկեցաւ ու մութին, երբ մարդիկ դեռ չէին կրնար մէկզմէկ ճանչնալ, ելաւ եւ Բոոս ըսաւ. «Մարդ թող չգիտնայ թէ կալին մէջ կին մտեր է»։

15Նաեւ ըսաւ. «Վրայի ծածկոցդ բեր ու զանիկա բռնէ»։ Հռութ զանիկա բռնեց ու անոր վեց չափ գարի չափեց ու անոր վրայ դրաւ։ Անիկա քաղաք գնաց։

16Ու Հռութ իր կեսրոջ քով գնաց, որ իրեն ըսաւ. «Ո՛վ աղջիկս, ի՞նչպէս ես»։ Անիկա անոր պատմեց ինչ որ այն մարդը ըրաւ իրեն։

17Եւ ըսաւ. «Ինծի այս վեց չափ գարին տուաւ՝ ըսելով. ‘Քու կեսրոջդ պարապ մի՛ երթար’»։

18Եւ Նոեմի ըսաւ. «Աղջի՛կս, նստէ՛, մինչեւ որ գիտնաս թէ այս գործը ի՛նչպէս պիտի լմննայ. քանզի այն մարդը մինչեւ որ այս գործը այսօր չլմնցնէ, չի հանգստանար»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Ruth 3.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.