Ruth 2WARMB

1Նոեմի՝ իր էրկանը կողմանէ՝ ազգական մը ունէր։ Անիկա Ելիմելէքի ազգատոհմէն էր ու շատ հարուստ մարդ մըն էր։ Անոր անունը Բոոս էր։

2Մովաբացի Հռութ Նոեմիին ըսաւ. «Արտերը երթամ եւ որուն աչքին առջեւ ողորմութիւն գտնելու ըլլամ, անոր ետեւէն երթամ ու հասկեր ժողվեմ»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Գնա՛, աղջիկս»։

3Հռութ գնաց եւ արտի մը մէջ մտնելով հնձողներուն ետեւէն հասկ կը ժողվէր։ Այնպէս պատահեցաւ, որ անիկա Ելիմելէքի ազգատոհմէն եղող Բոոսի արտին մէջ մտած էր։

4Բոոս Բեթլէհէմէն եկաւ ու հնձողներուն ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ ըլլայ»։ Անոնք ըսին. «Տէրը քեզ օրհնէ»։

5Բոոս հնձողներուն վրայ կեցող իր մանչուն ըսաւ. «Այս աղջիկը որո՞ւնն է»։

6Հնձողներուն վերակացու մանչը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Նոեմիին հետ Մովաբի երկրէն դարձող Մովաբացի աղջիկն է,

7Որ մեզի ըսաւ. ‘Կ’աղաչեմ, որաներուն մէջ հնձողներուն ետեւէն հասկ քաղեմ ու ժողվեմ’։ Անիկա առտուն կանուխ եկաւ ու մինչեւ հիմա կեցաւ, միայն հիմա՛ քիչ մը նստաւ»։

8Բոոս ըսաւ Հռութին. «Մտի՛կ ըրէ, աղջի՛կս, հասկ հաւաքելու համար ուրիշին արտը մի՛ երթար ու այս տեղէն ալ մի՛ զատուիր, հապա հոս իմ աղջիկներուս քով կեցիր.

9Քու աչքերդ անոնց հնձած արտին վրայ ըլլան ու անոնց ետեւէն գնա։ Ես մանչերուն ապսպրեր եմ, որ քեզի չդպչին։ Երբ ծարաւիս՝ ամաններուն քով գնա ու մանչերուն քաշած ջուրէն խմէ»։

10Եւ Հռութ երեսին վրայ ինկաւ ու գետնէն երկրպագութիւն ընելով՝ անոր ըսաւ. «Ինչպէ՞ս ես քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ ու դուն ինծի հետ ծանօթացար, որովհետեւ ես օտար կին մըն եմ»։

11Եւ Բոոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Քու էրկանդ մեռնելէն ետքը դուն քու կեսրոջդ ինչ որ ըրիր՝ բոլորն ալ պատմեցին ինծի եւ թէ ի՞նչպէս քու հայրդ ու մայրդ եւ ծննդեանդ երկիրը թողուցիր ու եկար այն ժողովուրդին՝ որ նախապէս չէիր ճանչնար։

12Քու գործիդ փոխարէն Տէրը հատուցում թող ընէ եւ քու վարձքդ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն կողմանէ առատապէս թող տրուի, քանզի դուն եկար որպէս զի անոր թեւերուն տակ ապաստանարան մը գտնես»։

13Հռութ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ. քանզի դուն զիս մխիթարեցիր ու քու աղախինիդ քաղցրութեամբ խօսեցար, թէպէտեւ ես քու աղախիններէդ մէկուն պէս ալ չեմ»։

14Եւ Բոոս կերակուրի ատեն անոր ըսաւ. «Հո՛ս եկուր ու հացէն կեր եւ պատառդ քացախին մէջ թաթխէ»։ Ուստի անիկա հնձողներուն քով նստաւ։ Անոր բոհրած ցորեն տուին։ Ան ալ կերաւ կշտացաւ եւ աւելցածը պահեց։

15Երբ հասկ հաւաքելու ելաւ, Բոոս իր մանչերուն պատուիրելով՝ ըսաւ. «Թող որաներուն մէջէն ալ հաւաքէ ու զանիկա մի՛ ամչցնէք։

16Խուրձերէն ալ անոր համար գետինը ձգեցէք ու թող տուէք որ հաւաքէ եւ զանիկա մի՛ յանդիմանէք»։

17Անիկա մինչեւ իրիկուն այն արտին մէջ մնալով հասկեր հաւաքեց ու երբ հաւաքուածը ծեծեց, մէկ արդուի չափ գարի եղաւ։

18Եւ զանիկա առաւ ու քաղաքը մտաւ եւ կեսուրը անոր հաւաքածը տեսաւ։ Հռութ հանեց իր կշտացածէն աւելցածը անոր տուաւ։

19Կեսուրը անոր ըսաւ. «Այսօր ուրկէ՞ հասկ հաւաքեցիր եւ ո՞ւր բանեցար. քեզի ճանչուորութիւն ընողը օրհնեալ ըլլայ»։ Այն ատեն անիկա իր կեսրոջ իմացուց թէ որո՛ւ քով բաներ է ու ըսաւ. «Այն մարդը, որուն քով ես այսօր բանեցայ, Բոոս կը կոչուի»։

20Նոեմի իր հարսին ըսաւ. «Անիկա Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլայ, որ կենդանիներէն ու մեռածներէն իր ողորմութիւնը չկտրեց»։ Նոեմի անոր ըսաւ. «Այն մարդը մեր ազգատոհմէն է, անիկա մօտ ազգական է մեզի»։

21Մովաբացի Հռութ ըսաւ. «Անիկա նաեւ ինծի ըսաւ թէ՝ ‘Իմ մանչերուս քովէն մի՛ զատուիր, մինչեւ որ անոնք իմ բոլոր հունձքս լմնցնեն’»։

22Նոեմի իր հարսին Հռութին ըսաւ. «Աղէկ է, աղջի՛կս, որ դուն անոր աղջիկներուն հետ դուրս ելլես ու քեզ ուրիշ արտի մէջ թող չտեսնեն»։

23Անիկա Բոոսի աղջիկներէն չզատուեցաւ ու մինչեւ գարիին հունձքին եւ ցորենին հունձքին լմննալը հասկ հաւաքեց ու իր կեսրոջ քով կը բնակէր։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Ruth 2.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.