1Բոոս դուռը ելաւ ու հոն նստաւ։ Քիչ վերջ Բոոսի յիշած ազգականը կ’անցնէր։ Բոոս անունովը կանչեց զանիկա ու ըսաւ. «Եկո՛ւր, հոս նստէ՛»։ Անիկա դարձաւ ու նստաւ։
2Այն ատեն անիկա քաղաքին ծերերէն տասը մարդ առաւ ու անոնց ըսաւ. «Այստեղ նստեցէք»։ Անոնք նստան։
3Ետքը այն ազգականին ըսաւ. «Մովաբի երկրէն դարձող Նոեմին մեր եղբօրը Ելիմելէքի արտին բաժինը ծախելու վրայ է։
4Ես մտածեցի, որ քեզի իմացնեմ ու ըսեմ. ‘Զանիկա այս նստողներուն առջեւ ու իմ ժողովուրդիս ծերերուն առջեւ ծախու ա՛ռ։ Եթէ ազգականութեան իրաւունքով զանիկա ծախու առնել կ’ուզես, ծախու ա՛ռ. բայց եթէ ծախու առնել չես ուզեր, ինծի իմացուր որպէս զի գիտնամ, քանզի քեզմէ զատ ազգականութեան իրաւունքը կատարելու մէկը չկայ։ Քեզմէ ետքը ես եմ’»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ազգականութեան իրաւունքը կը կատարեմ»։
5Ու Բոոս ըսաւ. «Դուն Նոեմիի ձեռքէն արտը ծախու առած օրդ՝ մեռնողին կնոջմէն, Մովաբացի Հռութն ալ ծախու առնելու ես, որպէս զի մեռնողին անունը պահես իր ժառանգութեանը մէջ»։
6Եւ ազգականը ըսաւ. «Ես իմ ազգականութեանս իրաւունքը չեմ կրնար կատարել, չըլլայ որ իմ ժառանգութիւնս աւրեմ։ Իմ ունեցած ազգականութեան իրաւունքս դուն կատարէ, քանզի ես չեմ կրնար կատարել»։
7Առաջ Իսրայէլի մէջ այս սովորութիւնը կար։ Փրկելու ու ծախու առնելու գործերուն մէջ՝ ամէն բան հաստատելու համար, մարդը իր կօշիկը կը հանէր ու իր ընկերին կու տար։ Ասիկա Իսրայէլի մէջ վկայութիւն կ’ըլլար։
8Ուստի ազգականը Բոոսին ըսաւ. «Դուն ծախու առ» ու իր կօշիկը հանեց։
9Բոոս ծերերուն ու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք այսօր վկայ էք, որ ես Ելիմելէքի բոլոր ստացուածքը ու Քելլոնի եւ Մաալոնի բոլոր ստացուածքը Նոեմիին ձեռքէն ծախու առի։
10Ու Մաալոնի կինը, Մովաբացի Հռութն ալ ինծի կին առի, որպէս զի մեռնողին անունը իր եղբայրներէն ու իր բնակարանին դռնէն չվերնայ. դուք այս բանին համար այսօր վկայ էք»։
11Այն ատեն դուռը եղող բոլոր ժողովուրդը ու ծերերը ըսին. «Վկայ ենք։ Տէրը քու տունդ մտնող կինը Ռաքէլին եւ Լիային պէս ընէ, որոնք երկուքը Իսրայէլի տունը շինեցին։ Դուն Եփրաթայի մէջ զօրացի՛ր ու Բեթլէհէմի մէջ անուն վաստկէ՛։
12Ու քու տունդ Փարէսի տանը պէս ըլլայ, որ Թամար ծնաւ Յուդային, այն սերունդով՝ որ Տէրը պիտի տայ քեզի այս նորահասակ կնոջմէն»։
13Բոոս Հռութը առաւ, որ իրեն կին եղաւ ու անոր մտաւ։ Տէրոջը ողորմութիւնովը յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։
14Կիները Նոեմիին ըսին. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ այսօր քեզ առանց մօտ ազգականի չթողուց, որպէս զի անոր անունը Իսրայէլի մէջ յիշուի։
15Ասիկա քու հոգիիդ մխիթարութիւնը, ծերութեանդ գաւազանը թող ըլլայ. քանզի զանիկա քեզ սիրող հարսդ ծնաւ, որ քեզի եօթը որդիէ աղէկ է»։
16Ու Նոեմի տղան առաւ՝ իր գիրկը դրաւ եւ անոր դայեակը եղաւ։
17Դրացի կիները անոր անուն դրին՝ ըսելով. «Նոեմիին որդի մը ծնաւ» եւ անոր անունը Ովբէդ կոչեցին։ Ասիկա Դաւիթի հօրը Յեսսէի հայրն էր։
18Եւ Փարէսի ծնունդները ասոնք են։ Փարէս ծնաւ Եսրոնը
19Ու Եսրոն ծնաւ Արամը եւ Արամ՝ ՝ ծնաւ Ամինադաբը
20Ու Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը եւ Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը
21Ու Սաղմոն ծնաւ Բոոսը եւ Բոոս ծնաւ Ովբէդը
22Ու Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն եւ Յեսսէ ծնաւ Դաւիթը։