Psalms 99WARMB

1Տէրը կը թագաւորէ, ժողովուրդները թո՛ղ սարսափին։ Ինք քերովբէներուն վրայ կը նստի, երկիրը թո՛ղ շարժի։

2Տէրը մեծ է Սիօնի մէջ Ու բարձրացած է բոլոր ժողովուրդներուն վրայ։

3Թող գովեն քու մեծ ու ահաւոր անունդ։ Անիկա սուրբ է։

4Թագաւորին զօրութիւնը իրաւունքը կը սիրէ՝ ՝։ Ուղղութիւն հաստատեցիր, Իրաւունք ու արդարութիւն ըրիր Յակոբին մէջ։

5Բարձրացուցէք Տէրը, մեր Աստուածը Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր ոտքերուն պատուանդանին։ Անիկա սուրբ է։

6Մովսէսն ու Ահարոնը անոր քահանաներուն մէջ Եւ Սամուէլն անոր անունը կանչողներուն մէջ Տէրոջը կ’աղաղակէին։ Անիկա պատասխան կու տար անոնց։

7Ամպի սիւնին մէջէն կը խօսէր անոնց հետ։ Անոնք կը պահէին անոր վկայութիւնները Ու այն հրամանը, որ իրենց տուաւ։

8Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը, դուն կը լսէիր անոնց. Դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, անոնց կը ներէիր, Թէպէտ վրէժխնդիր եղար անոնց գործերուն։

9Բարձրացուցէ՛ք Տէրը, մեր Աստուածը Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր սուրբ լերանը վրայ. Վասն զի Տէրը, մեր Աստուածը, սուրբ է։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 99.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.