Psalms 100WARMB

1Աղաղակեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր։

2Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ. Անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ։

3Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած. Անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք՝ ՝. Մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք։

4Մտէ՛ք անոր դռները գոհութեամբ Ու անոր սրահները՝ օրհնութեամբ. Գոհացէ՛ք անկէ ու օրհնեցէ՛ք անոր անունը։

5Վասն զի Տէրը բարի է. Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է Ու անոր հաւատարմութիւնը՝ ազգէ մինչեւ ազգ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 100.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.