Psalms 98WARMB

1Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը, Վասն զի հրաշքներ ըրաւ, Իր աջ ձեռքը ու սուրբ բազուկը Իրեն փրկութիւն տուին։

2Տէրը ցուցուց իր փրկութիւնը, Ազգերուն առջեւ յայտնեց իր արդարութիւնը։

3Յիշեց իր ողորմութիւնը ու իր հաւատարմութիւնը Իսրայէլի տանը համար. Երկրի բոլոր ծայրերը Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը տեսան։

4Ցնծացէ՛ք Տէրոջը առջեւ, ո՜վ բոլոր երկիր. Ուրախութեան ձայնով աղաղակեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք։

5Սաղմոս երգեցէ՛ք Տէրոջը՝ քնարով, Քնարով ու սաղմոսի ձայնով,

6Փողերով ու շեփորի ձայնով, Աղաղակեցէ՛ք Տէր Թագաւորին առջեւ։

7Թո՛ղ գոռան ծովն ու անոր լիութիւնը, Աշխարհ ու անոր բնակիչները։

8Գետերը թո՛ղ ծափ զարնեն Ու լեռները մէկտեղ թո՛ղ ցնծան

9Տէրոջը առջեւ, վասն զի կու գայ երկիրը դատելու։ Անիկա պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով Ու ժողովուրդները՝ ուղղութիւնով։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 98.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.