Psalms 77WARMB

1Աստուծոյ կ’աղաղակեմ. Իմ ձայնս Աստուծոյ է ու ան ինծի պիտի լսէ։

2Իմ նեղութեանս օրը Տէրը փնտռեցի։ Գիշերը տարածուած էր իմ ձեռքս ու չէր թուլնար։ Իմ անձս մխիթարուիլ չէր ուզեր։

3Աստուած յիշեցի ու անհանգիստ եղայ։ Խորհեցայ ու իմ հոգիս նուաղեցաւ։ (Սէլա։)

4Իմ աչքերս արթուն պահեցիր, Խռովեցայ ու չկրցայ խօսիլ։

5Միտքս բերի նախկին օրերը, Հին ժամանակներուն տարիները։

6Գիշերուան մէջ կը յիշեմ իմ երգս, Իմ սրտիս հետ կը խօսիմ Ու իմ հոգիս ալ կը քննեմ։

7«Արդեօք Տէրը յաւիտեան պիտի մերժէ՞ Ու ալ բնաւ պիտի չհաճի՞։

8Միթէ անոր ողորմութիւնը բոլորովին պակսեցա՞ւ Ու իր խոստումը վերջացա՞ւ ազգէ մինչեւ ազգ։

9Միթէ Աստուած գթութիւն ընելը մոռցա՞ւ, Միթէ բարկութիւնով արգիլե՞ց իր ողորմութիւնը»։ (Սէլա։)

10Ուստի ըսի. «Այս է իմ վիշտս, որ Բարձրեալին աջ ձեռքը փոխուած է»։

11Տէրոջը գործերը պիտի յիշեմ. Յիրաւի քու հին օրերու հրաշքներդ պիտի յիշեմ։

12Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ Ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ։

13Ո՛վ Աստուած, քու ճամբադ սրբութեան մէջ է։ Աստուծոյ պէս մեծ Աստուած ո՞վ կայ։

14Հրաշքներ ընող Աստուածը դո՛ւն ես. Քու զօրութիւնդ ժողովուրդներու մէջ ցուցուցիր։

15Քու բազուկովդ փրկեցիր քու ժողովուրդդ՝ Յակոբին ու Յովսէփին որդիները։ (Սէլա։)

16Երբ ջուրերը քեզ տեսան, ո՛վ Աստուած, Երբ ջուրերը քեզ տեսան՝ դողացին, Անդունդներն ալ սարսափեցան։

17Ամպերը ջուր թափեցին. Երկինքները ձայն հանեցին. Նետերդ ալ գացին։

18Քու որոտումիդ ձայնը երկինքն էր։ Փայլակները լոյս տուին աշխարհի։ Երկիր սասանեցաւ ու դողաց։

19Քու ճանապարհդ ծովուն մէջ է Եւ քու ճամբադ մեծ ջուրերուն մէջ է Ու քու շաւիղներդ չեն երեւիր։

20Հօտի պէս քու ժողովուրդիդ առաջնորդեցիր Մովսէսին ու Ահարոնին ձեռքովը։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 77.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.