1Ո՛վ իմ ժողովուրդս, մտիկ ըրէք իմ օրէնքիս։ Խոնարհեցուցէք ձեր ականջը իմ բերնիս խօսքերուն։
2Առակով պիտի բանամ իմ բերանս Ու հին ժամանակի խրթնաբանութիւնները պիտի յայտնեմ,
3Որոնք լսեցինք ու գիտցանք Եւ մեր հայրերը մեզի պատմեցին։
4Մենք պիտի չպահենք անոնց որդիներէն եւ Յաջորդ սերունդին պիտի պատմենք Տէրոջը փառաւոր գործերն ու անոր զօրութիւնը Եւ անոր ըրած հրաշքները։
5Վասն զի վկայութիւն հաստատեց Յակոբի մէջ Ու օրէնք դրաւ Իսրայէլի մէջ, Որոնք պատուիրեց մեր հայրերուն, Որպէս զի սորվեցնեն իրենց որդիներուն.
6Որպէս զի յաջորդ սերունդը եւ ծնանելու տղաքը, ասոնք իմանան Ու իրենց որդիներուն պատմեն։
7Անոնք ալ իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դնելով՝ Չմոռնան Աստուծոյ գործերը, Հապա անոր պատուիրանքները պահեն
8Ու իրենց հայրերուն պէս Կամակոր ու ապստամբ ազգ մը չըլլան. Այնպիսի ազգ մը, որոնց սիրտը չէ հաստատուած Ու իրենց հոգին հաւատարիմ չէ Աստուծոյ։
9Եփրեմի որդիները՝ որոնք սպառազինեալ աղեղնաւորներ էին, Պատերազմին օրը ետ դարձան,
10Աստուծոյ ուխտը չպահեցին Ու անոր օրէնքին համեմատ քալել չուզեցին
11Ու մոռցան անոր գործերը Եւ անոր հրաշքները, որոնք իրենց ցուցուցեր էր։
12Անոնց հայրերուն առջեւ հրաշքներ ըրաւ, Եգիպտոսի երկրին՝ Տայանիսի դաշտին մէջ։
13Ծովը պատռեց ու զանոնք անցուց Եւ ջուրերն ալ դէզի պէս կանգնեցուց։
14Ցորեկը ամպով առաջնորդեց անոնց Եւ բոլոր գիշերը կրակի լոյսով։
15Վէմերը պատռեց անապատին մէջ Ու խմցուց անոնց ՝ իբր թէ մեծ անդունդէ մը։
16Առուներ հանեց վէմէն Ու ջուրերը գետերու պէս բղխեցուց։
17Բայց անոնք նորէն մեղանչեցին անոր դէմ Ու անապատին մէջ բարկացուցին Բարձրեալը
18Եւ իրենց սրտերուն մէջ Աստուած փորձեցին՝ Կերակուր ուզելով իրենց անձերուն համար։
19Աստուծոյ դէմ խօսեցան ու ըսին. «Միթէ կարո՞ղ է Աստուած Անապատին մէջ սեղան պատրաստել։
20Ահա վէմին զարկաւ ու ջուրերը բղխեցան Ու առուները վազեցին. Արդեօք հաց ալ կրնա՞յ տալ, Արդեօք միս կը պատրաստէ՞ իր ժողովուրդին համար»։
21Ուստի՝ երբ Տէրը լսեց՝ բարկացաւ Եւ կրակ մը բորբոքեցաւ Յակոբին դէմ, Նաեւ բարկութիւն՝ Իսրայէլին վրայ.
22Վասն զի Աստուծոյ չհաւատացին Ու յոյսերնին անոր փրկութեանը վրայ չդրին.
23Թէեւ ինք վերէն հրաման ըրեր էր ամպերուն Ու երկնքի դռները բացեր էր
24Եւ կերակուրի համար անոնց վրայ մանանայ տեղացուցեր էր Ու երկնքի ցորենը տուեր էր անոնց։
25Մարդիկ հրեշտակներուն հացը կերան՝ ՝, Կշտանալու չափ պաշար ղրկեց անոնց։
26Երկնքի մէջ արեւելեան հովը հանեց Եւ իր զօրութիւնովը հարաւային հովը բերաւ.
27Անոնց վրայ փոշիի պէս միս տեղացուց։ Ծովու աւազին չափ թեւաւոր թռչուններ
28Անոնց բանակին մէջ եւ Անոնց վրաններուն չորս կողմը իջեցուց։
29Կերան եւ աղէկ կշտացան. Վասն զի իրենց ցանկացածը իրենց տուաւ։
30Իրենց ցանկացածներէն զուրկ չմնացին Եւ քանի որ իրենց կերակուրը իրենց բերանն էր,
31Աստուծոյ բարկութիւնը անոնց վրայ բորբոքեցաւ Ու սպաննեց անոնց զօրաւորները Ու գետինը զարկաւ Իսրայէլի ընտիրները։
32Հակառակ ասոր նորէն մեղանչեցին Ու չհաւատացին անոր հրաշքներուն։
33Ուստի ունայնութեան մէջ սպառեց անոնց օրերը Եւ ահի մէջ՝ անոնց տարիները։
34Երբ կը սպաննէր զանոնք, զինք կը փնտռէին Ու ետ կը դառնային եւ առտու կանուխ ջերմեռանդութեամբ Աստուած կը փնտռէին։
35Ու կը յիշէին թէ Աստուած իրենց Վէմն էր Եւ Բարձրեալն Աստուած իրենց Փրկիչն էր,
36Սակայն իրենց բերնովը կը շողոքորթէին Ու իրենց լեզուովը սուտ կը խօսէին անոր։
37Իրենց սիրտը ուղիղ չէր անոր առջեւ Ու հաւատարիմ չէին անոր ուխտին մէջ։
38Բայց ան ողորմած ըլլալով՝ անոնց անօրէնութեան կը ներէր Ու չէր կորսնցներ զանոնք ։ Շատ անգամ կը զսպէր իր բարկութիւնը Ու չէր բորբոքեցներ իր բոլոր սրտմտութիւնը,
39Վասն զի կը յիշէր թէ անոնք մարմին են, Հովի մը պէս, որ կ’երթայ ու ետ չի դառնար։
40Քանի՜ անգամ զանիկա սրդողցուցին անապատին մէջ Ու բարկացուցին զանիկա անջուր տեղին մէջ
41Եւ կրկին ու կրկին Աստուած փորձեցին Ու Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին։
42Չյիշեցին անոր ձեռքը Ու այն օրը երբ զիրենք թշնամիէն փրկեց
43Եւ թէ ի՛նչպէս իր նշանները ըրաւ Եգիպտոսի մէջ Ու իր հրաշքները՝ Տայանիսի դաշտին մէջ։
44Արիւնի դարձուց անոնց գետերը Եւ անոնց առուները, որ չկրնան խմել։
45Շանաճանճեր ղրկեց անոնց վրայ, որոնք կերան զանոնք։ Գորտեր՝ որոնք ապականեցին զանոնք։
46Ու անոնց բերքը գրուիճին տուաւ Եւ անոնց վաստակը՝ մարախին.
47Անոնց որթատունկերը կարկուտով փճացուց Ու անոնց ժանտաթզենիները՝ խոշոր կարկուտով
48Եւ անոնց անասունները կարկուտին մատնեց Ու անոնց հօտերը՝ կայծակին։
49Անոնց վրայ ղրկեց սաստիկ բարկութիւն, Սրտմտութիւն ու բարկութիւն ու նեղութիւն։ Չար հրեշտակները ղրկելով
50Իր բարկութեանը ճամբայ բացաւ։ Անոնց անձը մահուանէ չխնայեց, Հապա անոնց կեանքը ժանտախտի մատնեց։
51Ամէն անդրանիկ սպաննեց Եգիպտոսի մէջ Եւ առջինեկները՝ Քամի վրաններուն մէջ։
52Իր ժողովուրդը ոչխարներու պէս հանեց։ Զանոնք հօտի պէս վարեց անապատին մէջէն
53Եւ ապահովութեամբ առաջնորդեց, այնպէս որ չվախցան, Իսկ ծովը ծածկեց անոնց թշնամիները։
54Ու զանոնք տարաւ իր սուրբ երկիրը՝ Այն լեռը՝ որ իր աջ ձեռքը ստացեր էր։
55Անոնց առջեւէն ազգեր վռնտեց Եւ ժառանգութիւն բաժնեց անոնց Ու Իսրայէլի ցեղերը անոնց վրաններուն մէջ բնակեցուց։
56Բայց անոնք փորձեցին ու սրդողցուցին Բարձրեալն Աստուածը Ու նկատի չառին անոր վկայութիւնները։
57Իրենց հայրերուն պէս ետ դարձան ու նենգութիւն ըրին. Խաբեբայ աղեղի պէս խոտորեցան։
58Վասն զի զանիկա սրդողցուցին իրենց բարձր տեղերովը Ու անոր նախանձը շարժեցին իրենց կուռքերովը։
59Երբ Աստուած լսեց՝ բարկացաւ Եւ շատ անարգեց Իսրայէլը։
60Սելովի խորանը մերժեց, Այն վրանը՝ որ մարդոց մէջ կանգնեցուցած էր։
61Իր զօրութիւնը գերութեան մատնեց, Իր փառքը՝ թշնամիներուն ձեռքը։
62Իր ժողովուրդը սուրի մատնեց Ու իր ժառանգութեանը վրայ բարկացաւ։
63Կրակը կերաւ անոր երիտասարդները Ու անոր աղջիկները սուգ չըրին՝ ՝։
64Անոր քահանաները սրով ինկան Ու անոր որբեւարիները չլացին։
65Բայց Տէրը արթնցաւ որպէս թէ քունէ՝ Գինիէ սթափած զօրաւոր մարդու մը պէս
66Ու իր թշնամիները ետեւնուն զարկաւ, Յաւիտենական նախատինք տուաւ անոնց։
67Յովսէփին վրանը մերժեց Ու Եփրեմին ցեղը չընտրեց,
68Հապա Յուդային ցեղը ընտրեց Ու Սիօն լեռը՝ որ սիրեց։
69Իր սրբարանը շինեց բարձր բլուրներու պէս, Այն երկրին պէս որ յաւիտենապէս հաստատեց։
70Իր Դաւիթ ծառան ընտրեց Եւ զանիկա ոչխարի փարախներէն առաւ,
71Ծիծ տուող ոչխարներուն ետեւէն բերաւ զանիկա, Որպէս զի իր Յակոբ ժողովուրդը Ու իր Իսրայէլ ժառանգութիւնը հովուէ։
72Անիկա ալ հովուեց զանոնք իր սրտին անմեղութիւնովը Ու իր ձեռքերուն ճարտարութեամբը առաջնորդեց անոնց։