Psalms 76WARMB

1Աստուած Յուդայի մէջ ճանչցուած է. Անոր անունը Իսրայէլի մէջ մեծ է։

2Անոր խորանը Սաղէմի մէջ է Եւ անոր բնակարանը՝ Սիօնի մէջ։

3Տէրը հոն ջարդեց աղեղին նետերը, Վահանը, սուրը եւ պատերազմի զէնքերը։ (Սէլա։)

4Դուն փառաւոր ես, Յաւիտենական լեռներէն աւելի գերազանց ես։

5Սրտով զօրաւորները յափշտակուեցան, Քունի մէջ թաղուեցան, Բոլոր զօրեղ մարդիկը ձեռքերնին չկրցան գործածել։

6Ո՛վ Յակոբին Աստուածը, քու յանդիմանութեանդ պատճառով Կառքն ու ձին անզգայ պառկեցան։

7Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, դուն ահաւոր ես Եւ ո՞վ կրնայ կայնիլ քու առջեւդ քու բարկութեանդ ատենը։

8Դուն երկնքէն կատարեցիր դատաստանը։ Երկիրը վախցաւ ու լռեց,

9Աստուած դատաստան ընելու ելաւ, Որպէս զի երկրին բոլոր հեզերը փրկէ։ (Սէլա։)

10Իրաւցընէ մարդուն բարկութիւնը քեզ պիտի գովէ Ու մնացած բարկութիւնը դուն պիտի զսպես։

11Ուխտ ըրէք ձեր Տէր Աստուծոյն ու կատարեցէք. Անոր բոլորտիքը եղողները Թող ընծաներ բերեն Ահաւորին։

12Ինք իշխաններուն հոգին պիտի կտրէ, Ինք ահաւոր է երկրի թագաւորներուն։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 76.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.