Psalms 75WARMB

1Կը գովենք քեզ, ո՛վ Աստուած, Կը գովենք քեզ եւ քու անունդ կը կանչենք, Քու հրաշքներդ կը պատմենք։

2Երբ որոշուած ժամանակը գայ, Ուղիղ դատաստան պիտի տեսնեմ։

3Երկիրն ու անոր բոլոր բնակիչները մաշեցան. Անոր սիւները ես հաստատեցի։ (Սէլա։)

4Ըսի հպարտներուն. «Մի՛ հպարատանաք» Ու ամբարիշտներուն՝ «Եղջիւր մի՛ վերցնէք։

5Ձեր եղջիւրները վեր մի՛ վերցնէք։ Ամբարտաւան պարանոցով մի՛ խօսիք»։

6Վասն զի բարձրանալը ո՛չ արեւելքէն է Եւ ո՛չ արեւմուտքէն, ո՛չ ալ անապատէն,

7Հապա դատաւորը Աստուած է։ Մէկը կը ցածցնէ ու միւսը կը բարձրացնէ։

8Վասն զի Տէրոջը ձեռքը բաժակ կայ ու գինին կարմիր է։ Անիկա լաւ խառնուած է ու անկէ կը թափէ Եւ երկրին բոլոր ամբարիշտները Անոր մրուրները քամելով պիտի խմեն։

9Բայց ես յաւիտեան պիտի գովեմ, Յակոբին Աստուծոյն սաղմոս պիտի երգեմ։

10Ամբարիշտներուն բոլոր եղջիւրները պիտի փշրուին, Արդարին եղջիւրները պիտի բարձրանան։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 75.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.