Psalms 5WARMB

1Ո՛վ Տէր, ականջ դիր իմ խօսքերուս, Միտքդ առ իմ աղաղակս։

2Իմ կանչելուս ձայնին մտիկ ըրէ, ո՛վ իմ Թագաւորս ու Աստուածս, Վասն զի ես քեզի կ’աղաչեմ։

3Ո՛վ Տէր, առտուն պիտի լսես իմ ձայնս. Առտուն պատրաստ պիտի ըլլամ քեզի ու սպասեմ։

4Վասն զի դուն անօրէնութիւն ուզող Աստուած չես. Չարը քու քովդ պիտի չբնակի։

5Հպարտները քու աչքերուդ առջեւ պիտի չկենան. Բոլոր անօրէնութիւն գործողները կ’ատես.

6Սուտ խօսողները կը կորսնցնես։ Տէրը արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդէն կը զզուի։

7Բայց ես քու ողորմութեանդ շատութիւնովը քու տունդ պիտի մտնեմ. Քու վախովդ երկրպագութիւն պիտի ընեմ քու սուրբ տաճարիդ մէջ։

8Ո՛վ Տէր, քու արդարութիւնովդ ինծի առաջնորդ եղիր թշնամիներուս համար. Քու ճամբադ շտկէ իմ առջեւս.

9Վասն զի անոնց բերնին մէջ ճշմարտութիւն չկայ, Անոնց ներսիդին չարութիւն կայ։ Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, Իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան։

10Ո՛վ Աստուած, յանցաւոր հանէ զանոնք. Իրենց խորհուրդներովը թող իյնան. Անոնց շատ ամբարշտութիւններուն համար հալածէ՛ զանոնք. Վասն զի քեզի դէմ ապստամբեցան։

11Բայց բոլոր քեզի յուսացողները թող ուրախ ըլլան. Յաւիտեան թող ցնծան, վասն զի դուն զանոնք կը պաշտպանես Եւ քու անունդ սիրողները թող քեզմով զուարճանան։

12Վասն զի դուն պիտի օրհնես արդարը, ո՛վ Տէր, Բարի կամեցողութիւնով անոր չորս կողմը պիտի պատես՝ որպէս թէ վահանով մը։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 5.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.