Psalms 4WARMB

1Կանչելու ատենս ինծի պատասխան տուր, ո՛վ իմ արդարութեանս Աստուածը։ Նեղութեան մէջ զիս ընդարձակեցիր. Ողորմէ՛ ինծի ու լսէ՛ իմ աղօթքս։

2Մարդո՛ց որդիներ, մինչեւ ե՞րբ իմ փառքս ամօթի պիտի դարձնէք Եւ ունայնութիւն պիտի սիրէք ու ստութիւն փնտռէք։ (Սէլա։)

3Բայց գիտցէք թէ Տէրը իրեն նուիրուած մարդը որոշեց։ Տէրը պիտի լսէ իրեն կանչելու ատենս։

4Դողացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք. Խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ ձեր անկողիններուն վրայ ու լռեցէ՛ք։ (Սէլա։)

5Արդարութեան զոհեր մատուցանեցէ՛ք, Ու Տէրոջը յուսացէ՛ք։

6Շատեր կ’ըսեն թէ՝ «Ո՞վ մեզի բարութիւն պիտի ցուցնէ»։ Ո՛վ Տէր, քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագեցուր։

7Իմ սրտիս ուրախութիւն տուիր՝ Անոնց ցորենին ու գինիին առատութեան ժամանակէն աւելի։

8Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, Վասն զի դո՛ւն միայն, Ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 4.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.