Psalms 3WARMB

1Ո՛վ Տէր, իմ թշնամիներս որչա՜փ շատցան։ Իմ վրաս ելլողները շատուոր են։

2Շատերը իմ անձիս համար կ՛ըսեն թէ՝ «Ասոր փրկութիւն չկայ Աստուծմէն»։ (Սէլա։)

3Բայց, ո՛վ Տէր, դուն ես իմ ասպարս, Իմ փառքս ու իմ գլուխս բարձրացնողը։

4Իմ ձայնովս Տէրոջը կանչեցի Ու իր սուրբ լեռնէն ինծի պատասխանեց։ (Սէլա։)

5Ես պառկեցայ ու քնացայ. Արթնցայ, վասն զի Տէրը զիս պաշտպանեց։

6Ես պիտի չվախնամ բիւրաւոր ժողովուրդներէն, Որոնք իմ չորս կողմս պատեցին։

7Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, զիս փրկէ, ո՛վ իմ Աստուածս, Վասն զի դուն զարկիր իմ բոլոր թշնամիներուս թուշը։ Ամբարիշտներուն ակռաները փշրեցիր։

8Փրկութիւնը Տէրոջն է։ Քու օրհնութիւնդ քու ժողովուրդիդ վրայ է։ (Սէլա։)

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 3.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.