Psalms 6WARMB

1Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ Եւ քու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։

2Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի տկար եմ ես. Զիս բժշկէ, ո՛վ Տէր, վասն զի ոսկորներս կը սարսափին։

3Իմ անձս ալ խիստ սարսափեցաւ. Եւ դուն, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ։

4Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, փրկէ իմ անձս, Քու ողորմութեանդ համար զիս ազատէ։

5Վասն զի մահուան մէջ քեզ յիշատակել չկայ. Գերեզմանին մէջ ո՞վ քեզի շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ։

6Հառաչանք ընելէ յոգնեցայ. Ամէն գիշեր կը լուամ իմ անկողինս, Արցունքներովս կը թրջեմ իմ մահիճս։

7Իմ աչքս մաշեցաւ տրտմութենէն, Իմ բոլոր թշնամիներուս պատճառով հինցաւ։

8Ինծմէ ե՛տ կեցէք ամէնքդ ալ, որ անօրէնութիւն կը գործէք. Վասն զի Տէրը իմ լալուս ձայնը լսեց.

9Տէրը իմ աղօթքս լսեց. Տէրը իմ խնդրուածքս պիտի ընդունի։

10Թող ամչնան ու խիստ զարհուրին իմ բոլոր թշնամիներս, Ետ թող դառնան ու շուտով ամչնան։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 6.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.