Psalms 37WARMB

1Չարերուն համար մի՛ նեղանար, Անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր,

2Վասն զի անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին Ու կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան։

3Տէրոջը յուսա՛ ու բարութիւն ըրէ՛, Երկրին վրայ բնակէ՛ ու ճշմարտութեան մէջ արածուիր

4Ու Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի Անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները։

5Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ Ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ

6Ու դուրս պիտի հանէ քու արդարութիւնդ լոյսի պէս Ու քու իրաւունքդ՝ կէսօրուան պէս։

7Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր սպասէ՛ Եւ մի՛ նախանձիր իր ճամբան յաջողութեամբ գացողին Ու խաբէութիւն ընող մարդուն։

8Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։ Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս։

9Վասն զի չարագործները պիտի կորսուին, Սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։

10Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, Անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։

11Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը Ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։

12Մեղաւորը արդարին դէմ դաւ կը լարէ Ու անոր վրայ ակռաները կը կրճտէ։

13Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանիկա, Վասն զի անոր օրը հասնելու վրայ կը տեսնէ։

14Մեղաւորները թուր քաշեցին Ու աղեղնին լարեցին՝ Աղքատն ու տնանկը վար ձգելու համար, Շիտակ ճամբու մէջ քալողները՝ ՝ սպաննելու համար։

15Անոնց թուրը իրենց սիրտը պիտի մտնէ Ու անոնց աղեղները պիտի կոտրտին։

16Արդարին քիչ բանը Ամբարիշտներու առատ ստացուածքէն աղէկ է։

17Վասն զի ամբարիշտներուն բազուկները պիտի կոտրուին, Բայց արդարներուն ապաւէնը Տէրն է։

18Տէրը արդարներուն օրերը գիտէ Եւ անոնց ժառանգութիւնը յաւիտենական պիտի ըլլայ.

19Փորձանքի ժամանակ պիտի չամչնան Ու սովի օրերը պիտի կշտանան։

20Բայց ամբարիշտները պիտի կորսուին Ու Տէրոջը թշնամիները գառնուկներու ճարպին պէս պիտի սպառին, Մուխի պէս պիտի ցնդին։

21Ամբարիշտը փոխ կ’առնէ ու չի վճարեր. Սակայն արդարը կ’ողորմի ու կու տայ։

22Վասն զի անոր օրհնածները պիտի ժառանգեն երկիրը, Բայց անկէ անիծուածները պիտի կորսուին։

23Բարի մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուին Ու Անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի։

24Թէեւ իյնայ, պիտի չկործանի, Վասն զի Տէրը անոր ձեռքը պիտի բռնէ։

25Տղայ էի ու ծերացայ, Բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, Կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող։

26Ամէն օր կ’ողորմի ու փոխ կու տայ Եւ անոր սերունդը օրհնուած է։

27Չարութենէ ետ կեցի՛ր ու բարութիւն ըրէ՛ Եւ յաւիտեան պիտի մնաս.

28Վասն զի Տէրը կը սիրէ իրաւունքը Եւ իր սուրբերը երեսէ չի ձգեր. Յաւիտեան կը պահուին անոնք, Բայց ամբարիշտներուն սերունդը պիտի կորսուի։

29Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը Ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին։

30Արդարին բերանը իմաստութեամբ կը խօսի Ու անոր լեզուն իրաւունքը կը յայտնէ։

31Իր Աստուծոյն օրէնքը իր սրտին մէջ է Եւ անոր քայլերը պիտի չսահին։

32Մեղաւորը արդարը կը դիտէ Եւ զանիկա մեռցնելու ետեւէ կ’ըլլայ։

33Տէրը չարին ձեռքը պիտի չձգէ զանիկա Եւ անոր դատաստանը տեսնուած ատեն պիտի չդատապարտէ զանիկա։

34Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛ Եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։ Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես։

35Ամբարիշտը զօրացած տեսայ Ու իր տեղը կեցող կանանչ ծառի մը պէս տարածուած,

36Բայց ան անցաւ ու ահա չկայ։ Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։

37Արդարը տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛. Վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ,

38Իսկ անօրէնները մէկտեղ պիտի կորսուին։ Ամբարիշտներուն վախճանը կորուստ պիտի ըլլայ,

39Բայց արդարներուն փրկութիւնը Տէրոջմէն է, Նեղութեան ժամանակ ինք անոնց ապաւէնն է։

40Տէրը պիտի օգնէ անոնց եւ պիտի ազատէ զանոնք, Ամբարիշտներէն պիտի ազատէ Ու պիտի փրկէ զանոնք, վասն զի իրեն կը յուսան։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 37.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.