Psalms 36WARMB

1Ամբարշտին չարութեանը վրայով սրտիս մէջի խօսքը այս է. Աստուծոյ վախը չկայ իր աչքերուն առջեւ։

2Վասն զի ինքզինք կը շողոքորթէ իր աչքերուն առջեւ՝ Խորհելով թէ իր անօրէնութիւնը յայտնի եւ ատելի չըլլար։

3Անոր բերնին խօսքերը անօրէնութիւն ու նենգութիւն են. Իմաստութիւն չունի բարին ընելու համար։

4Իր անկողնին մէջ անօրէնութեան վրայ կը մտածէ Ու կը կենայ այնպիսի ճամբու մը մէջ, որ աղէկ չէ Եւ չարէն չի զզուիր։

5Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք կը հասնի Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։

6Քու արդարութիւնդ հզօր լեռներու պէս է, Քու իրաւունքդ մեծ անդունդ մըն է. Մարդիկն ու անասունները դուն կ’ապրեցնես, ո՛վ Տէր։

7Ո՛վ Աստուած, ի՜նչ գերազանց է քու գթութիւնդ։ Մարդոց որդիները քու թեւերուդ հովանաւորութեանը կ’ապաւինին։

8Անոնք քու տանդ պարարտութենէն պիտի կշտանան Ու քու հաճութիւններուդ գետէն պիտի խմցնես անոնց։

9Վասն զի կեանքի աղբիւրը քու քովդ է. Քու լուսովդ լոյս պիտի տեսնենք։

10Քու ողորմութիւնդ քեզ ճանչցողներուն շարունակէ Ու քու արդարութիւնդ՝ սրտով ուղիղներուն։

11Ամբարտաւանութեան ոտքը թող իմ վրաս չգայ Ու չարերուն ձեռքը զիս չշարժէ։

12Հոն ինկան անօրէնութիւն գործողները. Գետինը զարնուեցան ու չկրցան վեր ելլել։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 36.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.