Psalms 38WARMB

1Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ Ու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։

2Վասն զի քու նետերդ իմ ներսիդիս մխուեցան Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս կը ճնշէ։

3Իմ մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ՝ քու բարկութեանդ երեսէն Ու ոսկորներուս մէջ հանգստութիւն չկայ իմ մեղքիս պատճառով,

4Վասն զի անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան, Ծանր բեռի պէս իմ վրաս ծանրացան։

5Վէրքերս հոտեցան ու փտտեցան Իմ յիմարութեանս պատճառով։

6Նուաստացայ ու խիստ ցածցայ. Ամէն օր տրտում կը պտըտիմ,

7Վասն զի աղիքներս ջերմութիւնով լեցուեցան Ու մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ։

8Տկարացայ ու խիստ ճնշուեցայ. Սրտիս հեծութենէն մռնչեցի։

9Ո՛վ Տէր, իմ ամէն բաղձանքս քու առջեւդ է Ու իմ հեծութիւնս քեզմէ չծածկուեցաւ։

10Սիրտս կը բաբախէ, ոյժս պակսեցաւ Ու իմ աչքերուս լոյսը՝ ան ալ ինծի հետ չէ։

11Սիրականներս ու ընկերներս իմ չարչարանքիս պատճառով հեռու կը կենան, Ազգականներս ալ հեռու կը կենան

12Ու անձս փնտռողները ինծի որոգայթ կը լարեն Ու ինծի չարիք ուզողները աւերումի մասին կը խօսին Եւ ամէն օր նենգութեան մասին կը մտածեն։

13Սակայն ես խուլի պէս չեմ լսեր Ու բերանը չբացող համրի մը պէս եմ։

14Եւ ես այնպիսի մարդու մը պէս եմ, որ չի լսեր Ու հակառակ խօսք չկայ իր բերանը։

15Վասն զի, ո՛վ Տէր, ես քեզի կը յուսամ։ Դուն պիտի պատասխանես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։

16Վասն զի ըսի. «Թող չխնդան իմ վրաս, անոնք որ Ոտքիս սահած ժամանակը ինծի դէմ կը հպարտանան»։

17Վասն զի ես կաղ ըլլալու պատրաստ եմ Ու իմ ցաւս ամէն ատեն առջեւս է։

18Վասն զի անօրէնութիւնս պիտի պատմեմ Ու մեղքիս համար հոգ պիտի ընեմ։

19Բայց թշնամիներս ողջ են, ուժովցան։ Զիս զուր տեղը ատողները շատցան։

20Ու աղէկութեան փոխարէն գէշութիւն ընողները Ինծի դէմ կը կենան, վասն զի ես աղէկութեան ետեւէ կ’երթամ։

21Զիս մի՛ թողուր, ո՛վ Տէր, Ո՛վ իմ Աստուածս, ինծմէ մի հեռանար։

22Ինծի օգնութիւն ընելու արտորցիր, Ո՛վ Տէր, իմ փրկութիւնս։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 38.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.