Psalms 25WARMB

1Ո՛վ Տէր, իմ անձս քեզի վերցուցի։

2Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացի. թող չամչնամ Ու թշնամիներս իմ վրաս չցնծան։

3Բոլոր քեզի սպասողները թող չամչնան. Ունայնութեամբ անօրէնութիւն ընողները թող ամչնան։

4Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, Քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։

5Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի, Քանզի դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը։ Ես քեզի կը սպասեմ ամէն օր։

6Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ ու ողորմութիւններդ յիշէ, Վասն զի յաւիտենական են։

7Մանկութեան մեղքերս ու յանցանքներս մի՛ յիշեր, Հապա քու ողորմութիւնովդ զիս յիշէ՝ Քու բարութեանդ համար, ո՛վ Տէր։

8Տէրը բարի եւ ուղիղ է. Անոր համար մեղաւորներուն կը սորվեցնէ ճամբան։

9Դատաստանի մէջ պիտի առաջնորդէ հեզերուն Ու իր ճամբան հեզերուն պիտի սորվեցնէ։

10Տէրոջը բոլոր ճամբաները ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն են՝ Իր ուխտը ու վկայութիւնները պահողներուն։

11Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար Ներէ իմ անօրէնութիւնս, վասն զի մեծ է։

12Ո՞վ է այն մարդը որ Տէրոջմէն կը վախնայ։ Ահա անոր պիտի սորվեցնէ իր ընտրած ճամբան։

13Անոր անձը բարութեան մէջ պիտի բնակի Ու անոր սերունդը երկիրը պիտի ժառանգէ։

14Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է Ու իր ուխտը անոնց կը սորվեցնէ։

15Իմ աչքերս ամէն ատեն Տէրոջը կը նային, Վասն զի ան պիտի հանէ իմ ոտքերս որոգայթէն։

16Ինծի դարձիր ու ողորմէ ինծի, Վասն զի մինակ ու վշտացած եմ։

17Սրտիս նեղութիւնները շատցան. Իմ վիշտերէս զիս դուրս հանէ։

18Իմ նեղութեանս ու տառապանքիս նայէ Ու բոլոր մեղքերս ներէ։

19Տե՛ս իմ թշնամիներս, վասն զի շատցան Ու սաստիկ ատելութիւնով զիս ատեցին։

20Պահէ՛ իմ անձս ու փրկէ՛ զիս. Թող չամչնամ, վասն զի քեզի յուսացի։

21Կատարելութիւնը եւ ուղղութիւնը զիս թող պահեն, Վասն զի քեզի սպասեցի։

22Ո՛վ Աստուած, փրկէ Իսրայէլը Իր ամէն նեղութիւններէն։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 25.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.