1Ո՛վ Տէր, զիս դատէ, Վասն զի իմ անարատութիւնովս քալեցի։ Տէրոջը յուսացի, պիտի չսասանիմ։
2Ո՛վ Տէր, զիս փորձէ ու քննէ, Փորձէ իմ երիկամունքներս ու սիրտս։
3Վասն զի քու ողորմութիւնդ իմ աչքերուս առջեւ է Ու քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեցի։
4Խարդախ մարդոց հետ չնստեցայ Ու կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ։
5Չարերուն ժողովը ատեցի Ու ամբարիշտներուն հետ պիտի չնստիմ։
6Անմեղութիւնով ձեռքերս պիտի լուամ Եւ քու սեղանիդ չորս կողմը պիտի պտըտիմ, ո՛վ Տէր,
7Որպէս զի շնորհակալութեան ձայնը լսել տամ Ու քու բոլոր սքանչելիքներդ պատմեմ։
8Ո՛վ Տէր, սիրեցի քու տանդ բնակութիւնը Եւ քու փառքիդ կեցած տեղը։
9Մի՛ կորսնցներ իմ անձս մեղաւորներուն հետ Ու իմ կեանքս՝ արիւնահեղ մարդոց հետ,
10Որոնց ձեռքերուն մէջ անօրէնութիւն կայ Ու անոնց աջ ձեռքը կաշառքով լեցուն է։
11Բայց ես իմ անարատութիւնովս պիտի քալեմ. Զիս փրկէ՛ ու ինծի ողորմէ՛։
12Իմ ոտքս ուղղութեան մէջ կը կենայ։ Ժողովներուն մէջ Տէրը պիտի օրհնեմ։