Psalms 24WARMB

1Տէրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը։ Աշխարհն ու անոր բնակիչները։

2Վասն զի ինք անոր հիմերը ծովերուն վրայ ձգեց Ու զանիկա գետերուն վրայ հաստատեց։

3Ո՞վ պիտի ելլէ Տէրոջը լեռը, Կամ ո՞վ պիտի կենայ անոր սուրբ տեղը։

4Ձեռքերով սուրբը ու սրտով մաքուրը, Որ ստութեան անձնատուր չեղաւ Ու նենգութեամբ երդում չըրաւ.

5Անիկա Տէրոջմէն օրհնութիւն պիտի ստանայ Ու իր փրկութեանը Աստուծմէն՝ արդարութիւն։

6Զանիկա փնտռողներուն ցեղը այս է. Քու երեսդ խնդրողը Յակոբն է՝ ՝։ (Սէլա։)

7Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ, Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։

8Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը, Կարող ու հզօր Տէրը, Պատերազմի մէջ հզօր Տէրը։

9Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ, Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։

10Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը։ Զօրքերուն Տէրը, Ինքն է փառաց Թագաւորը։ (Սէլա։)

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 24.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.