Psalms 23WARMB

1Տէրը իմ հովիւս է. Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։

2Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ, Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ’առաջնորդէ։

3Հոգիս կը նորոգէ։ Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ ինծի։

4Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, Չարէն պիտի չվախնամ, Վասն զի դուն ինծի հետ ես, Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։

5Սեղան կը պատրաստես իմ առջեւս իմ թշնամիներուս դիմաց. Իմ գլուխս իւղով կ’օծես, Իմ բաժակս խիստ լեցուն է։

6Յիրաւի բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան Կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ Ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 23.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.