Psalms 148WARMB

1Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկնքէն. Օրհնեցէ՛ք զանիկա բարձր տեղերուն մէջ։

2Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր հրեշտակներ, Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր։

3Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ արեգակ ու լուսին. Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր փայլուն աստղեր։

4Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ երկինք. Ու երկնքէն վեր եղող ջուրերը

5Թող Տէրոջը անունը օրհնեն. Վասն զի ինք հրամայեց ու անոնք ստեղծուեցան։

6Զանոնք յաւիտեանս յաւիտենից հաստատեց, Կանոն դրաւ որը չի խափանուիր։

7Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկրէն, Ո՛վ վիշապներ ու բոլոր անդունդներ։

8Կրակ եւ կարկուտ, ձիւն ու շոգի Եւ անոր խօսքը կատարող մրրկալից հով,

9Լեռներ ու բոլոր բլուրներ, Պտղատու ծառեր ու եղեւիններ,

10Գազաններ ու բոլոր անասուններ, Սողացողներ ու թեւաւոր թռչուններ,

11Երկրի թագաւորներ եւ բոլոր ազգեր, Իշխաններ ու երկրի բոլոր դատաւորներ,

12Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ, Ծերեր ու տղաքներ։

13Բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն, Վասն զի միայն անոր անունը բարձր է, Անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է։

14Անիկա բարձրացուց իր ժողովուրդին եղջիւրը, Իր բոլոր սուրբերուն, Իրեն մօտ եղող ժողովուրդին, Իսրայէլի որդիներուն օրհնութիւնը։ Ալէլուիա՜։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 148.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.