1Ալէլուիա՜։ Տէրոջը նոր երգ երգեցէք Ու անոր օրհնութիւնը՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։
2Իսրայէլ թող ուրախանայ իր Ստեղծողին վրայ. Սիօնի որդիները թող ցնծան իրենց Թագաւորին վրայ։
3Թող անոր անունը պարով օրհնեն, Թմբուկով եւ քնարով սաղմոս թող ըսեն անոր։
4Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի, Խոնարհները փրկութիւնով պիտի փառաւորէ։
5Թող սուրբերը ուրախանան փառքով Ու իրենց անկողիններուն մէջ ցնծան։
6Աստուծոյ գովութիւնները անոնց բերնին մէջ թող ըլլան Ու երկսայրի սուր՝ անոնց ձեռքին մէջ,
7Որպէս զի հեթանոսներէն վրէժ առնեն Ու ժողովուրդները պատժեն,
8Որպէս զի անոնց թագաւորները շղթաներով կապեն Ու անոնց ազնուականները՝ երկաթէ կապանքներով,
9Որպէս զի գրուած դատաստանը անոնց վրայ կատարեն։ Այս անոր բոլոր սուրբերուն փառքն է։ Ալէլուիա՜։