Psalms 147WARMB

1Գովեցէք Տէրը, վասն զի բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսելը, Վասն զի քաղցր ու վայելուչ է օրհնութիւնը։

2Տէրը կը շինէ Երուսաղէմը, Իսրայէլի ցրուածները կը հաւաքէ,

3Սրտով կոտրածները կը բժշկէ Ու անոնց խոցերը կը փաթթէ։

4Աստղերուն թիւը կը համրէ, Անոնց ամէնքն ալ իրենց անուններովը կը կանչէ։

5Մեծ է մեր Տէրը ու իր զօրութիւնը շատ է. Անոր իմաստութիւնը անհուն է։

6Տէրը կը հաստատէ խեղճերը Ու ամբարիշտները մինչեւ հողը կը խոնարհեցնէ։

7Երգեցէ՛ք Տէրոջը գոհութիւնով, Մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսէք քնարով,

8Որ երկինքը ամպերով կը ծածկէ, Անձրեւ կը պատրաստէ երկրի համար, Խոտ կը բուսցնէ լեռներուն վրայ,

9Որ անասուններուն իրենց կերակուրը կու տայ Ու ագռաւին ձագերուն՝ որոնք կ’աղաղակեն։

10Անիկա ձիուն զօրութեանը չի հաճիր, Մարդուն սրունքները չի հաւնիր։

11Տէրը կը հաւնի իրմէ վախցողները Ու իր ողորմութեանը յուսացողները։

12Ո՛վ Երուսաղէմ, գովէ՛ Տէրը. Օրհնէ՛ քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն։

13Վասն զի անիկա քու դռներուդ նիգերը ամրացուց Եւ քու որդիներդ քու մէջդ օրհնեց։

14Անիկա քու սահմաններուդ խաղաղութիւն կու տայ Ու պարարտ ցորենով քեզ կը կշտացնէ։

15Անիկա իր պատուէրը երկրին կը ղրկէ. Իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ։

16Անիկա բուրդի պէս ձիւն կու տայ Ու եղեամը մոխիրի պէս կը ցանէ։

17Իր սառը պատառներու պէս կը նետէ. Անոր ցուրտին դէմ ո՞վ կրնայ կենալ։

18Անիկա իր խօսքը կը ղրկէ ու կը հալեցնէ զանոնք։ Իր հովը կը փչէ ու ջուրեր կը վազեն։

19Անիկա իր խօսքը կը պատմէ Յակոբին Եւ իր կանոնները ու դատաստանները՝ Իսրայէլին։

20Բնաւ ազգի մը այսպէս չըրաւ, Բայց անոնք անոր դատաստանները չճանչցան։ Ալէլուիա՜՜,

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 147.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.