1Աղէ՜, օրհնեցէ՛ք Տէրը, ով Տէրոջ բոլոր ծառաներ, Որ Տէրոջ տունը կը կենաք գիշերները։2Սուրբ տեղը ձեռքերնիդ վերցուցէ՛ք Ու օրհնեցէ՛ք Տէրը։3Երկինքը ու երկիրը ստեղծող Տէրը Թող օրհնէ քեզ Սիօնէն։