1Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է Որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։
2Այն ազնիւ իւղին պէս է, Որ գլխուն վրայէն մօրուքին վրայ, Ահարոնին մօրուքին վրայ վազեց Ու մինչեւ անոր զգեստներուն ծայրը իջաւ։
3Սիօնի լեռներուն վրայ իջած Հերմոնի շաղին պէս է, Վասն զի Տէրը հոն հաստատեց օրհնութիւնը Ու կեանքը մինչեւ յաւիտեան։