Psalms 135WARMB

1Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը, Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ,

2Որ Տէրոջը տունը կը կենաք, Մեր Աստուծոյն տանը սրահներուն մէջ։

3Օրհնեցէ՛ք Տէրը, վասն զի Տէրը բարի է. Սաղմո՛ս ըսէք անոր անուանը, վասն զի քաղցր է։

4Վասն զի Տէրը իրեն համար ընտրեց Յակոբը Ու Իսրայէլը՝ իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլալու։

5Վասն զի ես իմացայ, թէ Եհովան մեծ է Ու մեր Տէրը՝ բոլոր աստուածներէն։

6Տէրը ամէն ինչ որ ուզեց ըրաւ երկնքի ու երկրի մէջ, Ծովերուն ու բոլոր անդունդներուն մէջ։

7Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ, Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։

8Անիկա Եգիպտոսի անդրանիկները զարկաւ Մարդէն մինչեւ անասուն։

9Նշաններ ու հրաշքներ ղրկեց քու մէջդ, ո՛վ Եգիպտոս, Փարաւոնին ու անոր բոլոր ծառաներուն վրայ։

10Շատ ազգեր զարկաւ Ու զօրեղ թագաւորներ սպաննեց։

11Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորը, Բասանի Ովգ թագաւորը Եւ Քանանի բոլոր թագաւորութիւնները

12Ու անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուաւ, Իր Իսրայէլ ժողովուրդին ժառանգութիւն։

13Ո՛վ Տէր, քու անունդ մինչեւ յաւիտեան պիտի մնայ. Ո՛վ Տէր, քու յիշատակդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։

14Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը դատէ Եւ իր ծառաներուն կ’ողորմի։

15Հեթանոսներուն կուռքերը արծաթ ու ոսկի են, Մարդու ձեռքի գործեր են։

16Բերան ունին, բայց չեն խօսիր. Աչքեր ունին, բայց չեն տեսներ.

17Ականջներ ունին, բայց չեն լսեր Ու շունչ չկայ անոնց բերնին մէջ։

18Անոնց նման կ’ըլլան զանոնք շինողները Ու բոլոր անոնց յուսացողները։

19Ո՛վ Իսրայէլի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը, Ո՛վ Ահարոնի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը.

20Ո՛վ Ղեւիի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը. Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, օրհնեցէ՛ք Տէրը։

21Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը Սիօնէն, Որ Երուսաղէմի մէջ կը բնակի։ Ալէլուիա՜։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 135.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.