1Ո՛չ թէ մեզի, ո՛վ Տէր, ո՛չ թէ մեզի, Հապա քու անուանդ փառք տուր՝ Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար։
2Ինչո՞ւ համար հեթանոսները ըսեն. «Ո՞ւր է հիմա անոնց Աստուածը»։
3Բայց մեր Աստուածը երկինքն է. Անիկա իր բոլոր ուզածը ըրաւ։
4Անոնց կուռքերը արծաթ ու ոսկի են, Մարդու ձեռքի գործեր են,
5Բերան ունին՝ բայց չեն խօսիր. Աչքեր ունին՝ բայց չեն տեսներ.
6Ականջներ ունին՝ բայց չեն լսեր. Քիթ ունին՝ բայց հոտ չեն առներ.
7Ձեռքեր ունին՝ բայց չեն շօշափեր. Ոտքեր ունին՝ բայց չեն քալեր Ու իրենց կոկորդովը ձայն չեն հաներ։
8Անոնց նման կ’ըլլան զանոնք շինողները Ու բոլոր անոնց յուսացողները։
9Ո՛վ Իսրայէլ, Տէրո՛ջը յուսա՝ ՝. Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
10Ո՛վ Ահարոնի տուն, Տէրո՛ջը յուսացէք։ Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
11Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, Տէրո՛ջը յուսացէք։ Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
12Տէրը մեզ կը յիշէ ու պիտի օրհնէ, Իսրայէլին տունը պիտի օրհնէ, Ահարոնին տունը պիտի օրհնէ.
13Տէրոջմէն վախցողները պիտի օրհնէ, Պզտիկները՝ մեծերուն հետ։
14Տէրը ձեզի բարիք պիտի աւելցնէ, Ձեզի ու ձեր որդիներուն։
15Օրհնեալ էք դուք Տէրոջմէն, Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։
16Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է, Բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ։
17Մեռելները Տէրը չեն օրհներ, Ոչ ալ անոնք, որ գերեզմանը կ’իջնեն։
18Բայց մենք Տէրը պիտի օրհնենք Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։ Ալէլուիա՜։