Psalms 114WARMB

1Երբ Իսրայէլ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ Ու Յակոբին տունը օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն,

2Յուդան՝ անոր սրբարանը Ու Իսրայէլ անոր իշխանութիւնը եղաւ։

3Ծովը տեսաւ ու փախաւ։ Յորդանան ետ դարձաւ։

4Լեռները խոյերու պէս ցատկռտեցին Ու բլուրները՝ գառնուկներու պէս։

5Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՛վ ծով, որ փախար Եւ դո՛ւն, Յո՛րդանան, որ ետ դարձար։

6Ո՛վ լեռներ, ինչո՞ւ խոյերու պէս ցատկռտեցիք Ու դո՛ւք, բլուրներ՝ գառնուկներու պէս։

7Սարսափէ՛, ո՛վ երկիր, Տէրոջը երեսէն, Յակոբին Աստուծոյն երեսէն,

8Որ վէմը ջուրերու լիճի դարձուց Ու ապառաժը՝ ջուրերու աղբիւրի։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 114.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.