Psalms 113WARMB

1Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ, Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը,

2Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։

3Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրոջը անունը։

4Տէրը բարձր է բոլոր ազգերուն վրայ. Անոր փառքը երկնքէն վեր է։

5Մեր Տէր Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ, Որ բարձրութեան մէջ կը բնակի.

6Որ երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները Տեսնելու համար կը խոնարհի,

7Որ աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ Ու տնանկը աղբանոցէն կը բարձրացնէ,

8Որպէս զի զանոնք նստեցնէ իշխաններուն հետ՝ Իր ժողովուրդին իշխաններուն հետ,

9Որ ամուլ կինը տունը կը բնակեցնէ Ու որդիներու ուրախ մայրը կ’ընէ ։ Ալէլուիա՜։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 113.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.