Psalms 116WARMB

1Ուրախ եմ ես, վասն զի Տէրը Իմ ձայնս ու աղաչանքս լսեց,

2Վասն զի անիկա իր ականջը ինծի խոնարհեցուց, Ուստի բոլոր կեանքիս մէջ անոր պիտի կանչեմ։

3Մահուան լարերը զիս պատեցին Ու գերեզմանին վիշտերը զիս գտան։ Նեղութիւն ու տրտմութիւն գտայ։

4Բայց ես Տէրոջը անունը կանչեցի։ Կ՛աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս։

5Ողորմած ու արդար է Տէրը Եւ մեր Աստուածը գթած է։

6Տէրը միամիտները կը պահէ։ Ես խեղճ եղայ ու անիկա զիս ազատեց։

7Ո՛վ իմ անձս, դարձիր քու հանգստութեանդ, Քանզի Տէրը քեզի բարիք ըրաւ։

8Վասն զի դուն իմ անձս մահուանէ փրկեցիր, Իմ աչքերս՝ արցունքի ու իմ ոտքերս՝ գայթակղելէն։

9Տէրոջը առջեւ պիտի քալեմ Կենդանիներուն երկրին մէջ։

10Հաւատացի, անոր համար խօսեցայ։ «Ես խիստ թշուառացայ»։

11Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի. «Ամէն մարդ սուտ է»։

12Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝ Անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն։

13Փրկութեան բաժակը պիտի առնեմ Ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։

14Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ Իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ

15Պատուական է Տէրոջը առջեւ Իր սուրբերուն մահը։

16Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, վասն զի եւ քու ծառադ եմ։ Ես քու ծառադ եմ ու քու աղախինիդ՝ որդին։ Դո՛ւն իմ կապերս արձակեցիր։

17Գոհութեան պատարագ պիտի մատուցանեմ քեզի Ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։

18Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ Իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ,

19Տէրոջը տանը սրահներուն մէջ, Քու մէջդ, ո՛վ Երուսաղէմ։ Ալէլուիա՜։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 116.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.