Bible

Focus

On Your Ministry and Not Your Media

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Psalms 110

:
Armenian - WARMB
1 Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս, Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։
2 Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։ Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ։
3 Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը Յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով. Քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն՝ ՝ Աւելի պիտի ըլլան քեզի։
4 Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ. «Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես»։
5 Տէրը քու աջ կողմդ է, Անիկա իր բարկութեան օրը թագաւորներ պիտի ջարդէ։
6 Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի ընէ, Մեռելներով պիտի լեցնէ, Շատ երկիրներու վրայ գլուխ եղողները պիտի ջարդէ։
7 Ճամբուն մէջ գետէն պիտի խմէ. Անոր համար գլուխ պիտի բարձրացնէ։