Psalms 111WARMB

1Ալէլուիա՜։ Բոլոր սրտով Տէրը պիտի գովեմ Ուղիղներուն ժողովին ու ժողովուրդին մէջ։

2Տէրոջը գործերը մեծ են։ Անոնք բոլոր սիրողներէն կը քննուին։

3Անոր գործը փառաւոր ու վայելուչ է Եւ անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ։

4Յիշել տուաւ իր հրաշքները։ Տէրը ողորմած ու գթած է։

5Կերակուր տուաւ իրմէ վախցողներուն։ Իր ուխտը յաւիտեան պիտի յիշէ։

6Իր գործերուն զօրութիւնը ցուցուց իր ժողովուրդին, Անոնց տալով ազգերուն ժառանգութիւնը։

7Ճշմարտութիւնն ու իրաւունքը անոր ձեռքերուն գործերն են, Անոր բոլոր պատուիրանքները հաւատարիմ են։

8Յաւիտեանս յաւիտենից հաստատուած են, Ճշմարտութեամբ եւ ուղղութեամբ եղած են։

9Փրկութիւն ղրկեց իր ժողովուրդին, Իր ուխտը յաւիտեանս պահել պատուիրեց։ Սուրբ ու ահաւոր է անոր անունը։

10Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է. Լաւ հասկացողութիւն ունին անոնք, որ զանոնք կը կատարեն. Անոր օրհնութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 111.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.