Psalms 109WARMB

1Ո՛վ իմ օրհնութեանս Աստուածը, լուռ մի՛ կենար.

2Վասն զի ամբարշտին Ու նենգաւորին բերանը բացուեցաւ իմ վրաս, Ինծի դէմ սուտ լեզուով խօսեցան։

3Ատելութեան խօսքերով զիս պատեցին Եւ ինծի հետ անիրաւ տեղը կռուեցան։

4Իմ սիրոյս փոխարէն հակառակութիւն ըրին ինծի, Բայց ես աղօթք կ’ընէի ։

5Նաեւ իմ բարիքիս տեղ չարիք հատուցանեցին Ու իմ սիրոյս տեղ՝ ատելութիւն։

6Անոր վրայ ամբարիշտ մը վերակացու դիր Եւ Սատանան թող կայնի անոր աջ կողմը.

7Երբ դատուի՝ յանցաւոր թող ելլէ Ու անոր աղօթքը մեղք թող սեպուի։

8Անոր օրերը թող պակսին Եւ անոր պաշտօնը ուրիշը թող առնէ։

9Անոր որդիները որբ թող ըլլան Ու անոր կինը՝ որբեւարի։

10Անոր որդիները թափառական թող ըլլան ու մուրան Եւ իրենց աւերակներէն ելլելով հաց փնտռեն։

11Փոխ տուողը թող առնէ անոր բոլոր ունեցածը Ու օտարները յափշտակեն անոր վաստկածը։

12Բնաւ մէկը գթութիւն թող չընէ անոր Ու մէ՛կը թող չողորմի անոր որբերուն։

13Անոր զաւակները կորուստի թող մատնուին, Անոնց անունը գալու ազգին մէջէն թող ջնջուի։

14Անոր հայրերուն անօրէնութիւնը Տէրոջը առջեւ թող յիշուի Եւ անոր մօրը մեղքը՝ չջնջուի։

15Անոնք ամէն ժամանակ Տէրոջը առջեւ թող ըլլան, Որպէս զի անոնց յիշատակը երկրէն վերցուի։

16Վասն զի անիկա ողորմութիւն ընելը չյիշեց, Հապա խեղճը ու աղքատը հալածեց, Որպէս զի սիրտը կոտրածը սպաննէ։

17Նաեւ անէծքը սիրեց։ Անէծքը թող անոր վրայ գայ։ Օրհնութիւնը չուզեց, ուստի օրհնութիւնը թող անկէ հեռանայ։

18Անէծքը իր հանդերձին պէս հագաւ, Ուստի անէծքը ջուրի պէս անոր փորը թող մտնէ Ու ձէթի պէս՝ անոր ոսկորներուն մէջ։

19Հագնելու հանդերձի պէս Ու միշտ մէջքը կապելու գօտիի պէս թող ըլլայ անոր։

20Ինծի հակառակ կեցողներուն Ու իմ անձիս համար չար խօսողներուն վարձքը այս թող ըլլայ Տէրոջմէն։

21Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, օգնէ՛ ինծի՝ ՝ քու անուանդ համար. Փրկէ՛ զիս քու բարի ողորմութեամբդ։

22Վասն զի ես խեղճ ու աղքատ եմ Ու իմ սիրտս ներսիդիս խոցուած է։

23Ես երկնցող ստուերի պէս անցայ, Մարախի պէս թօթուըուեցայ։

24Ծունկերս ծոմապահութենէն տկարացան Ու մարմինս իր պարարտութենէն մաշեցաւ։

25Ես անոնց նախատինք եղայ, Երբ զիս տեսնեն՝ գլուխնին կը շարժեն։

26Օգնէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս. Փրկէ՛ զիս քու ողորմութեանդ համեմատ։

27Թող գիտնան թէ ա՛յս է քու ձեռքդ Եւ դուն ըրիր ասիկա, ո՛վ Տէր։

28Թող անոնք անիծեն, բայց դուն օրհնէ՛, Երբ ինծի դէմ ելլեն, թող ամչնան, Բայց քու ծառադ թող ուրախ ըլլայ։

29Իմ թշնամիներս թող նախատինք հագնին Ու իրենց ամօթը պատմուճանի պէս իրենց վրայ առնեն։

30Շատ պիտի գոհանամ Տէրոջմէն իմ բերնովս Ու շատերուն մէջ պիտի օրհնեմ զանիկա։

31Վասն զի ինք աղքատին աջ կողմը կը կենայ, Որպէս զի անոր անձը դատապարտողներէն փրկէ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 109.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.