1Ասոնք ալ Սողոմոնի առակներն են, որոնք Յուդայի Եզեկիա թագաւորին մարդիկը օրինակեցին։
2Բանը ծածկելը Աստուծոյ փառքն է, Բայց թագաւորներուն փառքը բանը աղէկ քննելն է։
3Երկնքի բարձրութիւնն ու երկրի խորութիւնը Եւ թագաւորներուն սիրտը չեն քննուիր։
4Վերցո՛ւր արծաթէն կղկղանքը Ու ոսկերիչին համար մաքուր անօթ կ’ելլէ։
5Վերցո՛ւր թագաւորին առջեւէն ամբարիշտը Ու անոր աթոռը արդարութեամբ կը հաստատուի։
6Թագաւորին առջեւ մի՛ պարծիր Եւ մեծերուն տեղը մի՛ կենար,
7Վասն զի աղէկ է որ քեզի ըսեն թէ «Հո՛ս, վեր ելիր», Քան թէ վար իջեցնեն քեզ իշխանին առջեւ։
8Կռիւի համար շուտով դուրս մի՛ ելլեր. Չըլլայ թէ երբ ընկերդ քեզ ամչցնէ, Դուն վերջը ինչ ընելիքդ չգիտնաս ։
9Ընկերիդ հետ քու դատդ վարէ՛, Բայց գաղտնիքը ուրիշի մի՛ յայտներ,
10Որպէս զի լսողը քեզ չանարգէ Ու գէշ անունդ անջնջելի մնայ։
11Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը Արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի ։
12Իմաստունին յանդիմանութիւնը՝ մտիկ ընող ականջին՝ Ոսկիէ օղ ու մաքուր ոսկիէ մանեակ է։
13Հաւատարիմ դեսպանը զինք ղրկողներուն Հունձքի ատեն ձիւնին զովութեանը պէս է Եւ իր տիրոջը հոգին կը զովացնէ։
14Սուտ առատաձեռնութեան վրայ պարծենցողը Անանձրեւ ամպերու եւ հովի պէս է։
15Համբերութեամբ իշխանին սիրտը կը շինուի Եւ անոյշ լեզուն ոսկորներ կը կոտրէ։
16Եթէ մեղր գտնես, միայն քեզի բաւական եղածին չափ կեր, Չըլլայ որ յագենաս ու զանիկա փսխես։
17Քու ոտքդ դրացիիդ տունը թող չյաճախէ, Չըլլայ որ քեզմէ ձանձրանայ ու քեզ ատէ։
18Իր դրացիին համար սուտ վկայութիւն ընողը Լախտի, սուրի եւ սրած նետի պէս է։
19Նեղութեան օրը անհաւատարիմ մարդու ապաւինիլը Փշրուող ակռայի եւ դիւրասահ ոտքի ապաւինելու պէս է։
20Տրտում մարդուն առջեւ երգեր երգողը Ցուրտ օրը իր զգեստը հանողին Կամ բորակի վրայ թափուած քացախին կը նմանի ։
21Եթէ թշնամիդ անօթի է, անոր հաց կերցուր Ու եթէ ծարաւ է, անոր ջուր խմցուր։
22Քանզի այսպէս ընելով անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես Եւ Տէրը քեզի հատուցում պիտի ընէ։
23Հիւսիսային հովը ամպեր կը հաւաքէ Ու խոժոռ դէմքը՝ չարախօս լեզու։
24Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, Քան թէ կռուազան կնոջ հետ՝ մեծ տան մէջ։
25Ինչպէս է պաղ ջուրը՝ ծարաւցած մարդուն, Այնպէս է հեռու երկրէ եկած բարի լուրը։
26Չար մարդուն առջեւ ինկող արդարը Տղմուտ աղբիւրի ու պղտորած ակի կը նմանի ։
27Շատ մեղր ուտելը աղէկ չէ, Եւ մարդուն իր փառքը փնտռելը փառք չէ։
28Իր ոգին չզսպող մարդը՝ Փլած ու անպարիսպ քաղաքի պէս է։