Proverbs 26WARMB

1Ինչպէս ամառուան մէջ՝ ձիւն եւ հունձքի ատեն՝ անձրեւ, Այնպէս ալ յիմարին պատիւ չի վայլեր։

2Ինչպէս ճնճղուկը կը պտըտի ու ծիծեռնակը կը թռչի, Այնպէս ալ առանց պատճառի անէծք չի գար։

3Ձիուն՝ խարազան ու իշուն՝ խթան Եւ յիմարներուն կռնակին գաւազան պէտք է։

4Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան մի՛ տար, Որպէս զի դուն ալ անոր նման չըլլաս։

5Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան տուր, Որպէս զի անիկա ինքզինք իմաստուն չկարծէ։

6Յիմարին ձեռքով խօսք ղրկողը Իր ոտքերը կը կտրէ ու վնաս կը քաշէ։

7Ինչպէս կաղին ոտքերը կ’երերան, Այնպէս յիմարին բերնին մէջ՝ առակը։

8Յիմարին պատիւ տուողը Քարակոյտի մը մէջ պատուական քարերու ծրար դնողին ՝ ՝ կը նմանի։

9Առակը՝ յիմարին բերնին մէջ, Գինովին ձեռքը մտնող փուշին պէս է։

10Մեծ է ամէն բան Ստեղծողը, Որ յիմարին վարձք կու տայ եւ յանցաւորներուն վարձք կու տայ։

11Ինչպէս շունը իր փսխածին կը դառնայ, Այնպէս ալ յիմարը իր յիմարութեանը կը դառնայ։

12Զինք իմաստուն կարծող մարդ մը տեսա՞ր. Աւելի յոյս կայ յիմարէն, քան թէ՝ անկէ։

13Ծոյլը կ’ըսէ. «Ճամբուն մէջ եւ Հրապարակներուն մէջ առիւծ կայ»։

14Ինչպէս դուռը իր ծխնիներուն վրայ կը դառնայ, Այնպէս ծոյլը՝ իր անկողնին վրայ։

15Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ, Բայց բերանը տանելու անգամ դժուարութիւն կը զգայ։

16Ծոյլը՝ իր աչքերուն, Խելացի պատասխան տուող եօթը մարդէն աւելի իմաստուն կ’երեւնայ։

17Իրենը չեղած դատին համար բարկացող անցորդը Շունը ականջներէն բռնողին պէս է։

18Ինչպէս կատղած մարդը, որ կրակի կայծեր, նետեր ու մահ կը ցանէ,

19Այնպէս է այն մարդը որ իր բարեկամին նենգութիւն կ’ընէ Ու ետքը կ’ըսէ. «Կատակ ըրի»։

20Առանց փայտի կրակը կը մարի Եւ եթէ քսու չըլլայ, կռիւը կը դադրի։

21Ինչպէս ածուխը՝ կայծերուն ու փայտը կրակին, Այնպէս է կռուարար մարդը վէճ բռնկցնելու։

22Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են, Որոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ’իջնեն։

23Կրքոտ շրթունքները եւ չար սիրտը Արծաթի կղկղանքով պատուած հողէ ամանի կը նմանին ։

24Ատողը իր շրթունքները կը կեղծէ Ու սրտին մէջ նենգութիւն կը պահէ։

25Անոր գեղեցիկ խօսուածքին մի՛ հաւատար, Վասն զի անոր սրտին մէջ եօթը զզուելի բան կայ։

26Ան որ իր ատելութիւնը նենգութեամբ կը ծածկէ, Անոր չարութիւնը ժողովուրդին մէջ պիտի յայտնուի։

27Փոս փորողը ինք մէջը պիտի իյնայ Եւ ան որ քար կը գլորէ՝ իրեն պիտի դառնայ։

28Ստախօս լեզուն իր ծեծածները՝ ՝ կ’ատէ Ու շողոքորթ բերանը կորուստ կը յառաջացնէ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Proverbs 26.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.