Proverbs 24WARMB

1Չար մարդոց մի՛ նախանձիր Ու անոնց հետ կենալու մի՛ ցանկար.

2Վասն զի անոնց միտքը բռնութեան մասին կը խորհի Եւ անոնց շրթունքները բռնութեան վրայով կը խօսին։

3Տունը իմաստութեամբ կը շինուի Ու հանճարով կը հաստատուի։

4Շտեմարանները գիտութեամբ Եւ ամէն տեսակ պատուական ու վայելուչ գանձերով կը լեցուին։

5Իմաստուն մարդը զօրաւոր կ’ըլլայ Ու գիտութիւն ունեցողը ոյժ կ’աւելցնէ.

6Վասն զի պատերազմդ խոհեմութեամբ կ’ընես. Եւ ազատութիւնը խորհրդականներու շատութիւնով կ’ըլլայ։

7Իմաստութիւնը յիմարին համար շատ բարձր է. Անիկա դրանը մէջ իր բերանը չի բանար։

8Ով որ չարութիւն ընել կը մտածէ, Անիկա նենգամիտ պիտի կոչուի։

9Յիմարութեան խորհուրդը մեղք է Եւ ծաղր ընողը մարդոց զզուելի է։

10Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, Ոյժդ քիչ է։

11Ազատէ՛ զանոնք, որ մեռցուելու կը տարուին Ու սպաննուելու վրայ եղողները ազատելէն ետ մի՛ կենար։

12Եթէ ըսեն թէ՝ «Մենք ասիկա չգիտցանք», Ահա սրտերը քննողը կը հասկնայ Ու քու հոգիդ պաշտպանողը ինք գիտէ Եւ ամէն մարդու իր գործին չափովը պիտի հատուցանէ։

13Որդեա՛կ իմ, մեղր կեր, որ աղէկ է Եւ մեղրախորիսխ կե՛ր, որ քիմքիդ քաղցր է։

14Իմաստութեան ճամաչումն ալ քու հոգիիդ այնպէս քաղցր պիտի ըլլայ ։ Եթէ զանիկա գտնես Եւ վախճան մը կայ Ու քու յոյսդ պիտի չկտրի։

15Ո՛վ չար, արդարին տանը դարանակալ մի՛ ըլլար, Անոր բնակարանը մի՛ աւերեր։

16Վասն զի արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի. Բայց չարերը ձախորդութեան մէջ պիտի իյնան։

17Երբ քու թշնամիդ իյնայ՝ մի՛ ուրախանար Ու երբ ոտքը սահի՝ քու սիրտդ թող չցնծայ։

18Չըլլայ որ Տէրը տեսնէ ու իրեն անհաճոյ երեւնայ Եւ իր բարկութիւնը անոր վրայէն դարձնէ։

19Չարագործներուն համար մի՛ սրտմտիր Ու ամբարիշտներուն մի՛ նախանձիր.

20Վասն զի չար մարդը բարի վախճան չունենար։ Ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի։

21Որդեա՛կ իմ, Տէրոջմէ ու թագաւորէն վախցի՛ր Եւ խռովարար մարդոց հետ մի՛ խառնուիր.

22Քանզի անոնց կործանումը յանկարծ կ’ըլլայ Ու երկուքին ալ պատուհասը ո՞վ կը ճանչնայ։

23Այս բաներն ալ իմաստուններուն յատուկ են։ Դատաստանի մէջ աչառութիւն ընելը աղէկ չէ։

24Ով որ ամբարշտին կ’ըսէ՝ «Դուն արդար ես», Ազգերը անոր անէծք պիտի տան Ու ժողովուրդները զանիկա պիտի անարգեն։

25Բայց զանոնք յանդիմանողները պիտի բերկրին Եւ անոնց վրայ առատ օրհնութիւն պիտի գայ։

26Շիտակ պատասխան տուողը՝ Շրթունքներ կը համբուրէ։

27Դուրսի գործդ կանոնաւորէ Եւ զանիկա քու արտիդ մէջ՝ ՝ կարգի դիր Ու տունդ ետքը շինէ։

28Քու դրացիիդ դէմ զուր տեղ վկայութիւն մի՛ ըներ Եւ քու շրթունքներովդ մի՛ խաբեր։

29Մի՛ ըսեր՝ «Անիկա ինծի ինչպէս որ ըրաւ, ես ալ անոր այնպէս պիտի ընեմ, Այն մարդուն իր գործին համեմատ հատուցում պիտի ընեմ»։

30Ծոյլ մարդուն՝ արտին քովէն Ու պակասամիտ մարդուն այգիին քովէն անցայ։

31Ամենուն մէջ փուշեր բուսեր էին Ու անոնց երեսը եղիճներ ծածկեր էին Եւ անոր քարէ պատը փլած էր։

32Երբ զանիկա տեսայ՝ մտքիս մէջ պահեցի, Անոր նայեցայ ու անկէ խրատ առի։

33Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես Ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես ննջելու համար,

34Քու աղքատութիւնդ ճամբորդի պէս պիտի գայ Եւ քու կարօտութիւնդ՝ սպառազինեալ մարդու պէս։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Proverbs 24.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.