1Աւովդի մեռնելէն յետոյ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ նորէն չարութիւն ըրին։
2Տէրը մատնեց զանոնք Քանանացիներուն Յաբին թագաւորին ձեռքը, որ Հասորի մէջ կը թագաւորէր եւ անոր զօրագլուխը Սիսարա էր, որ Արիսօթի մէջ կը բնակէր։
3Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին. քանզի անիկա ինը հարիւր երկաթէ կառքեր ունէր ու անիկա քսան տարի Իսրայէլի որդիները սաստիկ նեղեց։
4Այն ատեն Դեբօրա մարգարէուհին՝ Ղաբիդօթի կինը՝ Իսրայէլի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէր։
5Անիկա Եփրեմի լերանը վրայ, Ռամայի ու Բեթէլի մէջտեղ, Դեբօրային արմաւենիին տակ կը բնակէր։ Իսրայէլին որդիները դատաստանի համար անոր կ’ելլէին։
6Դեբօրան մարդ ղրկեց եւ Նեփթաղիմի Կադէսէն Աբինոամի որդին Բարակը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը քեզի չհրամայե՞ց ըսելով. ‘Գնա՛, Թաբօր լեռը ելի՛ր ու Նեփթաղիմի որդիներէն քեզի հետ տասը հազար մարդ առ
7Ու ես Յաբինի զօրագլուխը Սիսարան եւ անոր կառքերն ու զօրաց բազմութիւնը քու դէմդ պիտի հանեմ Կիսոն հեղեղատին քով ու զանիկա քու ձեռքդ պիտի մատնեմ’»։
8Բարակ անոր ըսաւ. «Եթէ դուն ալ ինծի հետ երթաս, կ’երթամ. բայց եթէ ինծի հետ չերթաս, չեմ երթար»։
9Դեբօրա ըսաւ. «Անշուշտ ես քեզի հետ պիտի երթամ, բայց քու երթալու ճամբադ քեզ քու փառքիդ պիտի չառաջնորդէ. քանզի Տէրը Սիսարան կնոջ մը ձեռքը պիտի մատնէ»։ Դեբօրան ելաւ ու Բարակին հետ Կադէս գնաց։
10Բարակ Զաբուղոնն ու Նեփթաղիմը Կադէսի մէջ հաւաքեց եւ տասը հազար մարդով ելաւ։ Դեբօրա ալ անոր հետ ելաւ։
11Մովսէսին աներոջ Յոբաբին որդիներէն Կենեցի Քաբերը Կենեցիներէն զատուեր էր ու իր վրանը Կադէսի մօտ Սանանիմի Կաղնիին քով կանգնեցուցեր էր։
12Այն ատեն Սիսարային իմացուցին թէ Աբինոամի որդին Բարակ Թաբօր լեռը ելեր է։
13Սիսարան իր բոլոր կառքերը, ինը հարիւր երկաթէ կառքերը ու իրեն հետ եղող բոլոր զօրքը Արիսօթէն Կիսոն հեղեղատը հաւաքեց։
14Դեբօրա ըսաւ Բարակին. «Ոտքի՛ ելիր, քանզի Տէրը այսօր Սիսարան քու ձեռքդ մատնեց. միթէ Տէրը քու առջեւէդ չելա՞ւ»։ Բարակ Թաբօր լեռնէն իջաւ եւ իրեն հետ տասը հազար մարդ կար։
15Տէրը Սիսարան եւ բոլոր կառքերն ու բոլոր բանակը Բարակին առջեւ սուրի բերնով խորտակեց։ Սիսարան կառքէն վար իջաւ ու ոտքով փախաւ։
16Բարակ կառքերն ու բանակը մինչեւ Արիսօթը հալածեց ու Սիսարային բոլոր բանակը սուրի բերնով ինկաւ ու մարդ մը չմնաց։
17Սիսարա ոտքով Կենեցի Քաբերին կնոջ Յայէլին վրանը փախաւ. քանզի Հասորի Յաբին թագաւորին ու Կենեցի Քաբերին տանը մէջտեղ խաղաղութիւն կար։
18Ուստի Յայէլ Սիսարան դիմաւորելու ելաւ ու անոր ըսաւ. «Տէ՛ր իմ, դարձի՛ր, ինծի՛ դարձիր, մի՛ վախնար»։ Ուստի անիկա դէպի վրանը անոր դարձաւ։ Կինը զանիկա վերմակով մը ծածկեց։
19Անիկա կնոջը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, ինծի քիչ մը ջուր տուր որ խմեմ, քանզի ծարաւ եմ»։ Ան ալ կաթին տիկը բացաւ ու անոր խմցուց. ետքը զանիկա ծածկեց։
20Անիկա կնոջը ըսաւ. «Վրանին դուռը կեցի՛ր ու եթէ մարդ մը գայ, քեզի հարցնէ ու ըսէ թէ ‘Այս տեղ մարդ կա՞յ’, ‘Չկայ’, ըսէ՛»։
21Քաբերին կինը Յայէլ վրանին մէկ ցիցը առաւ, ուռն ալ ձեռքը բռնելով՝ կամացուկ մը անոր քով գնաց, ցիցը անոր ծամելիքը մխելով մինչեւ գետինը գամեց։ Անիկա յոգնած ըլլալուն համար խորունկ քունի մէջ էր։ Այսպէս մեռաւ։
22Բարակ Սիսարային ետեւէն կը վազէր եւ Յայէլ զանիկա դիմաւորելու ելաւ ու անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, քու փնտռած մարդդ քեզի ցուցնեմ»։ Անիկա կնոջը հետ ներս մտաւ եւ ահա Սիսարան մեռած պառկեր էր ու ցիցը անոր ծամելիքին մէջն էր։
23Աստուած այն օրը Քանանացիներուն Յաբին թագաւորը Իսրայէլի որդիներուն առջեւ կորագլուխ ըրաւ։
24Քանանացիներուն Յաբին թագաւորին դէմ Իսրայէլի որդիներուն ձեռքը օրէ օր կը զօրանար, մինչեւ որ Քանանացիներուն Յաբին թագաւորը բնաջինջ եղաւ։