Judges 5WARMB

1Այն օրը Դեբօրա ու Աբինոամի որդին Բարակ երգեցին ու ըսին.

2«Իսրայէլի զօրավարներուն առաջնորդներուն Ու ժողովուրդին յօժարակամ անձնուէր ըլլալուն համար՝ Տէրը օրհնեցէ՛ք։

3Ո՜վ թագաւորներ, մտի՛կ ըրէք, Ո՜վ նախարարներ, ակա՛նջ դրէք. Ես Տէրոջը պիտի երգեմ, Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն սաղմոս պիտի ըսեմ։

4Ո՜վ Տէր, երբ դուն Սէիրէ ելար Ու Եդովմի դաշտէն չուեցիր, Երկիրը շարժեցաւ, երկինքը անձրեւ տեղաց, Ամպերն ալ ջուր կաթեցուցին։

5Տէրոջը երեսէն լեռները հալեցան, Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն երեսէն Սինան ալ հալեցաւ ։

6Անաթի որդիին Սամեգարի օրերը, Յայէլի օրերը, Մեծ ճամբաները անկոխ էին՝ ՝ Ու ճանապարհորդները խոտորնակ ճամբաներէ կ’երթային։

7Իսրայէլի մէջ զօրավարներ չմնացին, Չմնացին, մինչեւ որ ես Դեբօրա ելայ, Մինչեւ որ ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու։

8Նոր աստուածներ ընտրեցին. Այն ատեն իրենց դռներուն մէջ պատերազմ եղաւ, Արդեօք Իսրայէլի քառասուն հազար զօրքին մէջ Վահան կամ նիզակ երեւցա՞ւ։

9Իմ սիրտս Իսրայէլի իշխաններուն վրայ է. Ո՛վ ժողովուրդին անձնուէր եղողներ, Տէրը օրհնեցէ՛ք։

10«Ճերմակ էշերու վրայ հեծնողներ, Դատաստանի ատեանը նստողներ Ու ճամբու վրայ պտըտողներ, խօսեցէ՛ք։

11Աղեղնաւորներուն ձայնէն ազատուած ՝ Ջուր հանելու տեղերուն մէջ, Հոն Տէրոջը արդարութիւնները Ու Իսրայէլի մէջ անոր զօրավարներուն արդարութիւնները թող պատմեն. «Այն ատեն Տէրոջը ժողովուրդը դռները իջան։

12«Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ո՛վ Դեբօրա, Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր ու երգէ՛. Ո՛վ Բարակ, ելի՛ր. Ո՛վ Աբինոամի որդի, քու գերութիւնդ գերի ըրէ՛։

13Այն ատեն փախստականները Ժողովուրդին զօրավարներուն վրայ յարձակեցան. Տէրը ինծի հետ Զօրավարներուն դէմ իջաւ։

14Եփրեմին արմատէն եղողները Ամաղէկի վրան ելան. Բենիամինը քու ետեւէդ քու ժողովուրդիդ մէջ եկաւ. Մաքիրէն՝ իշխաններ Ու Զաբուղոնէն դպիրի գրիչ բռնողներ իջան։

15Եւ Իսաքարին զօրավարները Դեբօրային հետ Ու Իսաքար ալ Բարակին պէս Անոր ետեւէն հովիտը ղրկուեցաւ. Ռուբէնին տոհմերուն մէջ Մեծ յուզմունք կար.

16Ինչո՞ւ համար փարախներուն մէջ նստար, Որ հօտերուն մայե՞լը՝ ՝ լսես։ Ռուբէնին տոհմերուն մէջ Մեծ տարակուսանք կար։

17Գաղաադ Յորդանանին անդիի կողմը կը բնակէր Ու Դան ինչո՞ւ համար նաւերու մէջ պանդուխտ մնաց։ Ասեր ծովուն եզերքը կը նստէր, Ու իր նաւահանգիստներուն քով կը բնակէր։

18Զաբուղոն ու Նեփթաղիմ այնպիսի ժողովուրդ մըն է, Որ դաշտին բարձր տեղերը զինք մահուան վտանգին մէջ կը դնէ։

19Թագաւորները եկան, պատերազմ ըրին. Այն ատեն Քանանացիներու թագաւորները Մակեդդովի ջուրին քով Թանաքի մէջ պատերազմ ըրին. Ստակ չշահեցան։

20Երկնքէն պատերազմ ըրին. Աստղերը իրենց շրջաններէն Սիսարայի դէմ պատերազմ ըրին։

21Կիսոն հեղեղատը, այն հին հեղեղատը, Կիսոն հեղեղատը զանոնք քշեց տարաւ։ Ո՛վ իմ անձս, անոնց զօրութիւնը կոխեցիր։

22Այն ատեն ձիերուն սմբակները Սաստիկ վազելուն համար կտոր կտոր եղան, Զօրավարներուն վազցնելովը։

23Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ. «Մարովզը նզովեցէ՛ք, Անոր բնակիչները սաստիկ նզովեցէ՛ք, Քանզի Տէրոջը օգնութեան, Զօրաւոր թշնամի ներուն դէմ Տէրոջը օգնութեան չեկան»։

24Կենեցի Քաբերին կինը Յայէլ Կիներուն մէջ ամենէն աւելի օրհնեալ ըլլայ. Վրաններու մէջ բնակող կիներէն Աւելի օրհնեալ ըլլայ։

25Սիսարա ջուր ուզեց. կաթ տուաւ, Իշխաններուն ամանովը կոգի մատուցանեց։

26Անիկա իր ձեռքը ցիցին Ու իր աջ ձեռքը հիւսնի ուռին երկնցուց Ու Սիսարային զարնելով գլուխը ճեղքեց Ու ցիցը անոր ծամելիքը մխելով խոցեց։

27Անիկա ծռեցաւ, Յայէլին ոտքերուն մէջ ինկաւ փռուեցաւ, Ոտքերուն մէջ ծռեցաւ ինկաւ. Ուր որ ծռեցաւ, հոն մեռած ինկաւ։

28Սիսարային մայրը պատուհանէն նայեցաւ Ու վանդակին ետեւէն աղաղակեց. ‘Ինչո՞ւ համար անոր կառքը կ’ուշանայ գալու, Ինչո՞ւ անոր կառքերուն քայլերը ետ կը մնան’։

29Անոր իմաստուն տիկինները անոր պատասխան տուին, Ինք ալ իր խօսքերուն պատասխանը իրեն կու տար.

30‘Անշուշտ անոնք աւար գտան, Զանիկա բաժնելու վրայ են. Ամէն կտրիճի համար մէկ կամ երկու աղջիկ, Իսկ Սիսարային համար գոյնզգոյն աւար մը, Գոյնզգոյն նկարագործ աւար մը, Երկու կողմը բանուած ու գոյնզգոյն վզնոցներ աւար առած պիտի ըլլան’ ։

31Ո՛վ Տէր, քու բոլոր թշնամիներդ Այսպէս թող կորսուին. Իսկ զանիկա սիրողները Իր զօրութիւնովը ելլող արեւուն պէս ըլլան»։ Ու երկիրը քառասուն տարի հանգստացաւ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Judges 5.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.