1Ասոնք են այն ազգերը որոնք Տէրը թողուց, որպէս զի անոնցմով Իսրայէլը, այսինքն Քանանացիներուն բոլոր պատերազմները չգիտցողները փորձէ.
2(Միայն ասոր համար՝ որ Իսրայէլի որդիներուն սերունդը, մանաւանդ նախապէս չգիտցողները, պատերազմ սորվին ու գիտնան.)
3Փղշտացիներուն հինգ նախարարութիւնները եւ բոլոր Քանանացիները ու Սիդոնացիները, Լիբանանի լեռը բնակող Խեւացիները, Բաաղհերմոն լեռնէն մինչեւ Եմաթի մուտքը։
4Ասոնցմով պիտի փորձէր Իսրայէլը, որպէս զի գիտնայ թէ արդեօք պիտի հնազանդի՞ն Տէրոջը պատուիւանքներուն, որոնք Մովսէսին միջոցով անոնց հայրերուն տուեր էր։
5Իսրայէլին որդիները Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամօրհացիներուն, Փերեզացիներուն, Խեւացիներուն ու Յեբուսացիներուն մէջ բնակեցան։
6Անոնց աղջիկները իրենց կին առին ու իրենց աղջիկներն ալ անոնց տուին։ Անոնց աստուածները պաշտեցին։
7Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին եւ իրենց Տէր Աստուածը մոռնալով Բահաղիմը ու Աստարովթը պաշտեցին։
8Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք Միջագետքի Քուսարսաթեմ թագաւորին ձեռքը մատնեց։ Իսրայէլին որդիները ութ տարի ծառայութիւն ըրին Քուսարսաթեմին։
9Ետքը Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին ու Տէրը Իսրայէլի որդիներուն փրկիչ մը հանեց, Քաղէբին պզտիկ եղբօրը Կենեզի որդին Գոթոնիէլը, որ զանոնք ազատեց։
10Տէրոջը Հոգին անոր վրայ ըլլալով՝ Իսրայէլի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէր ու երբ պատերազմի ելաւ, Տէրը Միջագետքի Քուսարսաթեմ թագաւորը անոր ձեռքը տուաւ եւ անոր ձեռքը Քուսարսաթեմի դէմ զօրացաւ։
11Երկիրը քառասուն տարի հանգստացաւ։ Կենեզեան Գոթոնիէլը մեռաւ։
12Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելնուն համար Տէրը Մովաբի Էգղոն թագաւորը Իսրայէլին դէմ ուժովցուց։
13Անիկա Ամմոնի ու Ամաղէկի որդիները իր քով հաւաքեց եւ գնաց Իսրայէլը զարկաւ ու Արմաւենիներուն քաղաքին տիրեց։
14Եւ Իսրայէլին որդիները Մովաբի Էգղոն թագաւորին տասնըութը տարի ծառայուիթւն ըրին։
15Իսրայէլին որդիները Տէրոջը աղաղակեցին եւ Տէրը անոնց փրկիչ մը հանեց, Բենիամինեան Գերային որդին Աւովդը, որ ահեկագործ էր ու Իսրայէլի որդիները անոր ձեռքով Մովաբի Էգղոն թագաւորին ընծայ ղրկեցին։
16Աւովդ մէկ կանգնաչափ երկայնութեամբ երկսայրի սուր մը շինեց իրեն ու զանիկա լաթերուն տակէն իր աջ ազդրին վրայ կապեց։
17Ընծան Մովաբի Էգղոն թագաւորին տարաւ. (Էգղոն խիստ գէր մարդ մըն էր.)
18Երբ ընծան տուաւ լմնցուց, ընծան կրող մարդիկը ետ ղրկեց։
19Ինք Գաղգաղայի մօտ եղած քարահանքէն ետ դարձաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, քեզի ծածուկ խօսք մը ունիմ»։ Անիկա ըսաւ. «Լուռ կեցիր»։ Անոր քով եղողները դուրս ելան։
20Աւովդ անոր մօտեցաւ։ Անիկա նստեր էր իրեն յատկացեալ ամառնային վերնատանը մէջ։ Աւովդ անոր ըսաւ. «Քեզի Աստուծոյ կողմանէ խօսք մը ունիմ»։ Անիկա աթոռին վրայէն ելաւ։
21Աւովդ իր ձախ ձեռքը երկնցնելով սուրը իր աջ ազդրին վրայէն քաշեց ու թագաւորին փորը խոթեց,
22Այնպէս որ երկաթին ետեւէն կոթն ալ ներս մտաւ ու գիրուցը երկաթը բռնեց, այնպէս որ սուրը անոր փորէն չկրցաւ հանել ու աղբը դուրս ելաւ։
23Աւովդ սրահը ելաւ ու վերնատանը դռները անոր վրայէն գոցեց ու փականքը զարկաւ։
24Ինք ելաւ գնաց ։ Էգղոնին ծառաները գացին նայեցան, որ ահա վերնատանը դռներուն փականքը գոցուած էր ու ըսին. «Անիկա անտարակոյս իր ամառնային սենեակին մէջ հարկաւորութեան գացած է՝ ՝»։
25Բաւական սպասեցին՝ մինչեւ որ ամչցան, բայց ահա վերնատանը դռները չէին բացուեր։ Բանալին առին, բացին, ահա իրենց տէրը գետնին վրայ ինկած մեռած էր։
26Քանի որ անոնք կը տընտընային՝ Աւովդ փախաւ եւ քարահանքէն անցնելով ողջ առողջ Սէիր հասաւ։
27Երբ հասաւ, Եփրեմին լերանը վրայ փող հնչեցուց եւ Իսրայէլի որդիները անոր հետ այն լեռնէն վար իջան ու ինք անոնց առջեւէն կ’երթար ։
28Անոնց ըսաւ. «Իմ ետեւէս եկէք, քանզի Տէրը ձեր թշնամիները, Մովաբացիները, ձեր ձեռքը տուաւ»։ Ուստի անոր ետեւէն իջան եւ Մովաբի առջեւէն ՝ ՝ Յորդանանի անցքերը բռնեցին ու չթողուցին, որ մարդ մը անցնի։
29Այն ժամանակ Մովաբէն տասը հազարի չափ մարդ կոտորեցին, որոնց ամէնքն ալ յաղթանդամ ու զօրաւոր մարդիկ էին եւ մէ՛կը չկրցաւ փախչիլ։
30Ու այն օրը Մովաբ Իսրայէլի ձեռքին տակ նուաճուեցաւ ու երկիրը ութսուն տարի հանգստացաւ։
31Եւ անկէ յետոյ Անաթի որդին Սամեգար ելաւ ու եզներու խթանով մը Փղշտացիներէն վեց հարիւր մարդ կոտորեց եւ Իսրայէլը ազատեց։