1Տէրոջը հրեշտակը Գաղգաղայէն Բոքիմ ելաւ ու ըսաւ. «Ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի եւ ձեզ այն երկիրը բերի, որուն համար ձեր հայրերուն երդում ըրեր էի ու ըսի թէ՝ ‘Ձեզի հետ ըրած ուխտս յաւիտեան պիտի չաւրեմ։
2Այս երկրին բնակիչներուն հետ դաշնակցութիւն մի՛ ընէք, անոնց սեղանները փլցուցէ՛ք’. բայց դուք իմ խօսքիս հնազանդութիւն չըրիք։ Ինչո՞ւ համար այս բանը ըրիք։
3Ես ալ ըսի. ‘Զանոնք ձեր առջեւէն պիտի չվռնտեմ, հապա անոնք ձեզի թշնամի ու անոնց աստուածներն ալ ձեզի որոգայթ պիտի ըլլան’»։
4Երբ Տէրոջը հրեշտակը բոլոր Իսրայէլի որդիներուն այս խօսքերը ըսաւ, ժողովուրդը ձայնը վերցնելով լացաւ։
5Եւ այն տեղին անունը Բոքիմ կոչեցին ու հոն Տէրոջը զոհ մատուցանեցին։
6Երբ Յեսու ժողովուրդը արձակեց, Իսրայէլի որդիները ամէն մէկը իր կալուածքը գնաց՝ երկիրը ժառանգելու համար։
7Ժողովուրդը, Յեսուին բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը տեսնող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Տէրոջը ծառայութիւն ըրին։
8Տէրոջը ծառան Յեսու Նաւեան հարիւր տասը տարեկան մեռաւ։
9Զանիկա իր ժառանգութեանը սահմանին մէջ Գաաս լերանը հիւսիսային կողմը, Եփրեմի լեռը, Թամնաթ-Հարեսի մէջ թաղեցին։
10Այն դարուն բոլոր մարդիկը իրենց հայրերուն խառնուեցան ու անոնցմէ յետոյ ուրիշ ազգ մը ելաւ, որ Տէրը ու Իսրայէլին համար անոր ըրած գործերը չէր ճանչնար։
11Եւ Իսրայէլին որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Բահաղիմը պաշտեցին
12Եւ թողուցին իրենց հայրերուն Աստուածը, որ զիրենք Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր ու օտար աստուածներու ետեւէն գացին, այսինքն իրենց բոլորտիքը եղող ազգերուն քանի մը աստուածներուն ու անոնց երկրպագութիւն ըրին եւ Տէրը սրդողցուցին։
13Անոնք Տէրը թողուցին եւ Բահաղն ու Աստարովթը պաշտեցին։
14Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք կողոպտիչներու ձեռքը մատնեց, որոնք զանոնք կողոպտեցին։ Զանոնք շրջակայ թշնամիներուն ծախեց ու ալ չէին կրնար իրենց թշնամիներուն դէմ կենալ։
15Ուր որ երթային՝ Տէրոջը ձեռքը անոնց վրայ էր չարիք ընելու համար, ինչպէս Տէրը ըսեր էր եւ ինչպէս անոնց երդում ըրեր էր, որով խիստ մեծ նեղութեան մէջ ինկան։
16Տէրը դատաւորներ հանեց, որոնք կողոպտիչներուն ձեռքէն ազատեցին զանոնք։
17Սակայն իրենց դատաւորներուն ալ մտիկ չըրին ու օտար աստուածներու ետեւէ երթալով պոռնկութիւն ըրին ու անոնց երկրպագութիւն ըրին։ Շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որուն մէջ իրենց հայրերը կը քալէին Տէրոջը հրամաններուն հնազանդելով, բայց ասոնք այնպէս չըրին։
18Երբ Տէրը անոնց դատաւորներ կը հանէր, Տէրը դատաւորին հետ ըլլալով, դատաւորին բոլոր օրերը զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն կ’ազատէր. քանզի անոնց նեղութիւն տուողներուն ու չարչարողներուն երեսէն անոնց հեծութիւններուն համար Տէրը կը խղճար։
19Երբ դատաւորը մեռնէր, կը դառնային նորէն օտար աստուածներու ետեւէ կ’երթային, զանոնք կը պաշտէին եւ անոնց երկրպագութիւն կ’ընէին ու իրենց հայրերէն աւելի անօրէնութիւն կ’ընէին. իրենց չար գործերէն ու իրենց ծուռ ճամբայէն չէին դառնար։
20Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքելով՝ ըսաւ. «Որովհետեւ այս ազգը իրենց հայրերուն պատուիրած ուխտս զանց ընելով, իմ ձայնիս հնազանդութիւն չըրին,
21Ես ալ այսուհետեւ անոնց առջեւէն բնաւ մէկը պիտի չվռնտմ այն ազգերէն, որոնք Յեսու իր մեռած ատենը թողուց։
22Որպէս զի անոնցմով Իսրայէլը փորձեմ, թէ արդեօք իրենց հայրերուն պէս զգուշութիւն պիտի ընե՞ն Տէրոջը ճամբէն քալելու, թէ ոչ»։
23Ուստի Տէրը այս ազգերը թող տուաւ եւ շուտով չվռնտեց ու զանոնք Յեսուին ձեռքը չմատնեց։