Job 9WARMB

1Յոբ պատասխանեց.

2«Իրաւցընէ այնպէս ըլլալը գիտեմ Ու մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ։

3Եթէ անոր հետ վիճաբանիլ ուզէ, Հազարէն մէկը չի կրնար անոր պատասխան տալ։

4Անիկա սրտով իմաստուն եւ ուժով կարող է. Ո՞վ անոր դէմ իր սիրտը խստացուցեր ու յաջողութիւն գտեր է։

5Անիկա լեռները կը տեղափոխէ ու անոնք չեն գիտնար։ Իր բարկութիւնովը զանոնք կը տապալէ։

6Երկիրը իր տեղէն կը շարժէ Ու անոր սիւները կը դողան։

7Արեւին հրաման կ’ընէ ու անիկա չի ծագիր Ու աստղերը կը կնքէ։

8Ինք մինակը երկինքը կը տարածէ Ու ծովուն ալիքներուն վրայ կը քալէ։

9Անիկա ըրաւ Արջը, Հայկն ու Բազմաստեղը Ու հարաւի շտեմարանները։

10Անիկա Անքննելի մեծագործուներ Ու անթիւ սքանչելիքներ կ’ընէ։

11Ահա անիկա քովէս կ’անցնի ու ես չեմ տեսներ։ Յառաջ կ’անցնի ու չեմ իմանար։

12Եթէ յափշտակէ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել։ Ո՞վ կարող է ըսել անոր՝ ‘Ի՞նչ կ’ընես’։

13Աստուած իր բարկութիւնը ետ չի դարձներ Ու հպարտ օգնականները անոր տակ կը խոնարհին։

14Ո՞ւր մնաց որ ես անոր պատասխան տամ Ու անոր դէմ վիճելու համար խօսքեր ընտրեմ։

15Թէեւ արդար ալ ըլլամ, պատասխան պիտի չտամ. Իմ դատաւորէս շնորհք պիտի խնդրեմ։

16Եթէ ես զանիկա կանչէի ու ինծի պատասխան ալ տար, Պիտի չհաւատայի թէ անիկա իմ ձայնս լսած է։

17Որովհետեւ փոթորիկով զիս ճնշեց Ու առանց պատճառի իմ վէրքերս աւելցուց։

18Զիս չի թողուր որ շունչ առնեմ, Հապա դառնութեամբ զիս կը լեցնէ։

19Եթէ զօրութիւն փնտռուի, ահա անիկա զօրաւոր է, Իսկ՝ եթէ արդարութիւն՝ ո՞վ զիս ատեանը պիտի կանչէ՝ ՝։

20Եթէ անձս արդարացնեմ, իմ բերանս զիս կը դատապարտէ. Եթէ զիս անմեղադրելի երեւցնեմ, զիս յանցաւոր կը հանէ։

21Եթէ զիս կատարեալ երեւցնեմ, իմ անձս չեմ ճանչնար, Իմ կեանքս կ’արհամարհեմ։

22Ամէնը մէկ է. անոր համար ըսի թէ Անիկա արդարն ու ամբարիշտը մէկտեղ բնաջինջ կ’ընէ։

23Եթէ հարուածը յանկարծ մեռցնէ, Անիկա անմեղին պատահած փորձութեանը վրայ կը ծիծաղի։

24Երկիրը ամբարշտին ձեռքը տրուեցաւ։ Աստուած անոր դատաւորներուն երեսը կը ծածկէ։ Եթէ ոչ՝ ո՞վ է անիկա։

25Արդ՝ իմ օրերս սուրհանդակէն արագ են, Փախան առանց բարութիւն տեսնելու։

26Արագագնաց նաւերու պէս՝ Որսի վրայ յարձակող արծիւի պէս կ’անցնին։

27Եթէ ըսեմ՝ ‘Գանգատս մոռնամ, Տրտմութիւնս ձգեմ ու զուարթ ըլլամ’,

28Բոլոր թշուառութիւններէս կը վախնամ. Գիտեմ թէ զիս անմեղ պիտի չհամարես

29Ու ամբարիշտ պիտի սեպուիմ։ Ինչո՞ւ համար զուր տեղը աշխատիմ։

30Եթէ ձիւնի ջրով լուացուիմ Ու ձեռքերս մաքրութիւնով սրբեմ,

31Այն ժամանակ զիս փոսը կ’ընկղմես Ու հանդերձս պիտի զզուի ինծմէ,

32Վասն զի ինծի պէս մարդ չէ, որ անոր պատասխան տամ Ու մէկտեղ դատաստանի երթանք։

33Միջնորդ դատաւոր մը չկայ մեր մէջ, Որ կարենայ իր ձեռքը մեր երկուքին վրայ դնել։

34Թող իր գաւազանը վրայէս վերցնէ Ու անոր երկիւղը ա՛լ զիս չզարհուրեցնէ,

35Այն ատեն պիտի խօսիմ ու անկէ պիտի չվախնամ. Բայց եղած վիճակիս մէջ ես իմ անձիս տէրը չեմ»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 9.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.