1Այն ատեն Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց.
2«Մինչեւ ե՞րբ այդպէս պիտի խօսիս Ու բերնիդ խօսքերը սաստիկ հովի պէս պիտի ըլլան։
3Միթէ Աստուած դատաստանը կը խափանէ՞։
4Եթէ քու տղաքդ անոր դէմ մեղանչեր են, Ան ալ իրենց յանցանքին մատնած է զանոնք,
5Եթէ դուն առտուները կանուխ Աստուած կը փնտռես Ու Ամենակարողէն շնորհք կը խնդրես,
6Եթէ դուն մաքուր ու շիտակ ըլլաս, Անշուշտ անիկա քեզի համար պիտի արթննայ Ու քու արդարութեանդ բնակարանին յաջողութիւն պիտի տայ։
7Թէեւ քու սկիզբդ փոքր ըլլայ, բայց քու վերջդ խիստ պիտի մեծնայ։
8Հիմա հարցուր հին ազգերուն Ու անոնց հայրերը քննելու ուշադրութիւն ըրէ՛
9(Վասն զի մենք երէկուաններն ենք ու բան մը չենք գիտեր. Քանզի մեր կեանքը երկրի վրայ ստուեր մըն է)։
10Ահա անոնք քեզի պիտի սորվեցնեն, քեզի պիտի խօսին Ու իրենց սրտէն խօսքեր պիտի հանեն։
11Միթէ պրտուն առանց տիղմի կը բուսնի՞. Կնիւնը առանց ջուրի կ’աճի՞։
12Անիկա դեռ իր դալար վիճակին մէջ ու չկտրտուած Ամէն խոտէ առաջ կը չորնայ։
13Այսպէս պիտի ըլլայ բոլոր անոնց ճամբան, որոնք Աստուած կը մոռնան Ու կեղծաւորին յոյսը պիտի կորսուի.
14Վասն զի անոր յոյսը պիտի կտրուի Ու անոր վստահութիւնը սարդի ոստայնին պէս պիտի ըլլայ։
15Անիկա իր տանը պիտի կռթնի, Բայց ան հաստատութիւն պիտի չունենայ. Իր ձեռքովը զանիկա պիտի բռնէ Բայց ան կանգնած պիտի չմնայ։
16Արեւը չծագած՝ ՝ դալար է Ու անոր ճիւղերը իր եղած պարտէզէն վեր կ’ելլեն։
17Անոր արմատները քարակոյտին կը փաթթուին, Ինք քարերուն մէջ կ’ապրի։
18Եթէ մէկը զանիկա իր տեղէն խլէ, Տեղը պիտի ուրանայ զանիկա՝ ըսելով թէ ՝ ‘Ես քեզ չտեսայ’։
19Ահա անոր ճամբուն ուրախութիւնը այս է Ու հողէն ուրիշներ պիտի ելլեն։
20Ահա Աստուած արդար մարդը չի մերժեր, Ո՛չ ալ չարերուն ձեռնտու կ’ըլլայ,
21Մինչեւ որ քու բերանդ ծիծաղով լեցնէ Ու շրթունքներդ ուրախութեան ձայնով։
22Քեզ ատողները ամօթով պիտի ծածկուին Ու ամբարիշտներուն վրանը բնաջինջ պիտի ըլլայ»։