Job 10WARMB

1«Հոգիս կեանքէս ձանձրացաւ։ Համարձակ պիտի գանգատիմ, Հոգիիս դառնութիւնովը պիտի խօսիմ.

2Պիտի ըսեմ Աստուծոյ. «Մի՛ դատապարտեր զիս, Յայտնէ ինծի թէ ի՛նչ բանի համար ինծի հետ կը վիճիս.

3Քեզի աղէ՞կ կ’երեւնայ որ զիս կը հարստահարես Ու քու ձեռքերուդ գործը կ’արհամարհես Եւ ամբարիշտներուն խորհուրդին լոյս կու տաս։

4Միթէ դուն մարմնաւո՞ր աչքեր ունիս. Մարդուն տեսածի՞ն պէս կը տեսնես։

5Միթէ քու օրերդ մարդուն օրերուն պէ՞ս են, Քու տարիներդ մարդուն տարիներուն չա՞փ են,

6Որ դուն իմ յանցանքներս կը փնտռես Ու մեղքս կը քննես։

7Գիտես որ յանցաւոր չեմ, Բայց չկայ մէկը, որ քու ձեռքէդ ազատէ զիս ։

8Քու ձեռքերդ զիս ստեղծեցին Ու իմ բոլոր անդամներս՝ ՝ կազմեցին Ու զիս բնաջի՞նջ կ’ընես։

9Կ’աղաչե՛մ, յիշէ թէ զիս կաւի պէս շինեցիր Ու հիմա զիս հո՞ղ պիտի դարձնես։

10Չէ՞ որ զիս կաթի պէս թափեցիր Ու պանիրի պէս թանձրացուցիր։

11Զիս մորթով ու մսով հագուեցուցիր Ու զիս ոսկորներով ու ջիղերով հինեցիր.

12Ինծի կեանք եւ ողորմութիւն շնորհեցիր Եւ քու խնամքդ իմ հոգիս պահեց։

13Ասոնք սրտիդ մէջ պահեցիր։ Գիտեմ թէ ասոնք միտքդ են։

14Եթէ մեղք գործեմ, դուն զիս կը դիտես Ու իմ անօրէնութենէս անմեղ չես համարեր զիս։

15Եթէ ամբարշտութիւն ընեմ, վա՜յ է ինծի Ու արդար ալ ըլլամ, գլուխս չեմ կրնար վերցնել. Անարգանքով լեցուած եմ։ Հիմա իմ թշուառութեանս նայէ,

16Որ աւելնալու վրայ է՝ ՝։ Առիւծի պէս զիս կ’որսաս Եւ միշտ իմ վրաս յաղթող կ’ըլլաս.

17Ինծի դէմ վկաներդ կը նորոգես Ու քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս կը շատցնես։ Փոփոխութիւններ ու պատերազմ կը բերես վրաս։

18Ուրեմն ինչո՞ւ համար զիս արգանդէն հանեցիր։ Երանի՜ թէ հոն մեռնէի ու աչք չտեսնէր զիս,

19Որ չեղածի պէս ըլլայի Ու մօրս արգանդէն գերեզմանը տարուէի։

20Իմ օրերս սակաւաթիւ չե՞ն։ Ե՛տ կեցիր ինծմէ ու թողուր, որ քիչ մը հանգչիմ

21Այն տեղը երթալէս առաջ՝ ուրկէ ետ պիտի չդառնամ։ Մութ երկիրը ու մահուան շուքը,

22Այն խիստ մութ երկիրը, մահուան շուքին խաւարը, Ուրտեղ կարգ չկայ ու լոյսը խաւարի պէս է»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 10.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.