1«Հիմա աղաղակէ՛։ Քեզի պատասխան տուող մը կա՞յ արդեօք Ու սուրբերէն որո՞ւն պիտի դարձնես քու երեսդ։
2Ստոյգ է, որ բարկութիւնը յիմարը կը սպաննէ Ու նախանձը անմիտը կը մեռցնէ։
3Ես յիմարին արմատանալը տեսայ, Բայց շուտով անոր բնակութիւնը անիծեցի։
4Անոր որդիները ապահովութենէ հեռու են. Անոնք դրանը մէջ կը կոխկռտուին Եւ ազատող մը չի գտնուիր։
5Անօթի եղողը կ’ուտէ անոր հունձքը Ու զանիկա փուշերու մէջէն կը յափշտակէ Ու աւարառուն կը կլլէ անոնց ստացուածքը։
6Թէեւ չարիքը հողէն չ’ելլեր Ու թշուառութիւնը գետնէն չի բուսնիր.
7Բայց մարդը թշուառութեան համար կը ծնանի, Ինչպէս կրակի կայծերը՝ ՝ վեր կը թռչին։
8Իսկ ես Աստուծոյ պիտի դիմէի, Իմ գործս Աստուծոյ պիտի յանձնէի,
9Որ այնպիսի մեծ ու անքննելի բաներ կ’ընէ, Անհամար սքանչելիքներ կ’ընէ, որոնք կարելի չէ համրել։
10Անիկա երկրի վրայ անձրեւ կու տայ Ու դաշտերուն վրայ ջուրեր կը ղրկէ։
11Նաեւ ցածերը կը բարձրացնէ Ու սգաւորները ապահովութեան կը հասցնէ։
12Անիկա խորամանկներուն խորհուրդները կը ցրուէ, Որպէս զի ձեռքերնին կարող չըլլան իրենց գործերը գլուխ հանել։
13Իմաստունները իրենց խորամանկութեանը մէջ կը բռնէ Ու նենգաւորներուն խորհուրդը շուտով կը խափանէ։
14Ցորեկը մութի կը բռնուին Ու կէսօրին գիշերուան պէս խարխափելով կը քալեն ։
15Բայց աղքատը սուրէն, անոնց բերնէն Ու հզօրին ձեռքէն կ’ազատէ։
16Այսպէս աղքատը յոյս կ’ունենայ, Իսկ անօրէնը իր բերանը կը գոցէ։
17Ահա երանելի է այն մարդը, որ Աստուած կը խրատէ։ Ուրեմն Ամենակարողին յանդիմանութիւնը մի՛ անարգեր.
18Վասն զի ինք կը վիրաւորէ ու կը փաթթէ. Կը զարնէ ու իր ձեռքերը կը բժշկեն։
19Վեց նեղութիւններէ քեզ պիտի ազատէ Ու եօթներորդին՝ քեզի չարիք պիտի չդպչի։
20Սովի ժամանակ քեզ մահուանէ պիտի ազատէ Ու պատերազմին մէջ՝ սուրին ձեռքէն
21Լեզուի խարազանէն ապահով պիտի ըլլաս, Երբ կործանումը գայ անկէ պիտի չվախնաս.
22Կործանումին ու սովին վրայ պիտի ծիծաղիս Ու երկրի գազաններէն պիտի չվախնաս։
23Քանզի դաշտի քարերուն հետ դաշինք պիտի կնքես Ու դաշտի գազանները քեզի հետ խաղաղութեամբ պիտի վարուին։
24Ու պիտի գիտնաս թէ վրանիդ մէջ յաջողութիւն կայ Եւ քու բնակարանէդ բա՛ն մը պակաս պիտի չգտնես՝ ՝։
25Եւ պիտի գիտնաս թէ քու զաւակներդ շատուոր են Ու քու սերունդդ երկրի խոտերուն պէս պիտի ըլլան։
26Աղէկ մը ծերացած՝ գերեզմանը պիտի մտնես, Ցորենի խուրձերուն պէս՝ որոնք ժամանակին կը դիզուին։
27Ահա մենք այս բանը քննեցինք։ Շիտակ է. Մտիկ ըրէ՛ անոր ու քու օգտիդ համար ճանչցիր զանիկա»։