Job 6WARMB

1Յոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ.

2«Երանի՜ թէ իմ տրտմութիւնս աղէկ կշռուէր Ու իմ թշուառութիւնս մէկտեղ կշիռքի մէջ դրուէր։

3Քանզի հիմա անիկա ծովուն աւազէն ծանր կ’ըլլայ. Անոր համար իմ խօսքերս կը հատնին։

4Որովհետեւ Ամենակարողին նետերը իմ ներսիդիս են, Որոնց թոյնը իմ հոգիս կը ծծէ։ Աստուծոյ արհաւիրքները ինծի դէմ պատերազմելու շարուած են։

5Միթէ վայրենի էշը խոտին քով կը զռնչէ՞. Կամ եզը իր մսուրին քով կը բառաչէ՞.

6Անհամ բանը առանց աղի կ’ուտուի՞. Հաւկիթին ճերմկուցին մէջ համ կա՞յ արդեօք։

7Այն բաները, որոնց սիրտս չէր ուզեր դպչիլ, Իմ զազրելի կերակուրս եղան։

8Երանի՜ թէ ուզածս կատարուէր Ու տար Աստուած այն բանը, որուն կը սպասէի,

9Այսինքն Աստուած զիս ճնշել ուզէր Ու ձեռքը երկնցնելով զիս կործանէր։

10Բայց տակաւին մխիթարութիւն պիտի ունենամ Եւ անողորմ ցաւին մէջ պիտի ուրախանամ, Քանզի ես Սուրբին խօսքերը չուրացայ։

11Ոյժս ի՞նչ է որ դիմանամ Ու վախճանս ի՞նչ է, որ կեանքս երկնցնեմ։

12Միթէ իմ ոյժս քարերո՞ւ ոյժ է, Կամ թէ մարմինս պղնձեղէ՞ն է։

13Չէ՞ որ օգնութենէ զուրկ եմ Ու ձեռնտուութիւնը հեռացած է ինծմէ։

14Ան որ բարեկամի մը օգնութիւնը կը հեռացնէ, Ամենակարողին վախը կը մերժէ։

15Իմ եղբայրներս հեղեղներու պէս խաբեցին զիս, Ձորերու հեղեղատներու պէս՝ որոնք կ’անցնին.

16Որոնք սառէն պղտորած են, Երբ անոնց մէջ ձիւնը կը ծածկուի՝ ՝.

17Տաքը տեսածնուն պէս կը հալին, Խիստ տաք ատեն իրենց տեղէն աներեւոյթ կ’ըլլան։

18Կարաւանները իրենց ճամբան կը դարձնեն, Բայց դատարկ ելլելով՝ կը կորսուին.

19Թեմայի կարաւանները նայեցան, Սաբայի ճամբորդները անոնց յուսացին.

20Երբ կը յուսային՝ ամչցան, Երթալու ատեն կարմրեցան։

21Արդարեւ ինծի անօգուտ եղաք, Թշուառութիւն տեսաք ու սոսկացիք։

22Ես ձեզի ըսի՞՝ «Ինծի բերէք Ու ձեր ստացուածքէն ընծայ տուէք ինծի։

23Կամ՝ զիս թշնամիին ձեռքէն ազատեցէք Ու բռնաւորներուն ձեռքէն զիս փրկեցէք»։

24Սորվեցուցէք ինծի, որ լուռ կենամ Ու հասկցուցէք ինծի, թէ ի՞նչ բանի մէջ սխալեր եմ։

25Ուղիղ խօսքերը որչա՜փ զօրաւոր են. Բայց ձեր յանդիմանութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։

26Ձեր կշտամբող խօսքերը զիս չեն կրնար լռեցնել Եւ ոչ ալ ձեր խօսքերուն պիտի անսամ։

27Մանաւանդ որբին համար որոգայթ կը լարէք Ու ձեր բարեկամին համար հոր կը փորէք։

28Հիմա հաճեցէք ինծի նայիլ։ Սուտ կը խօսի՞մ ձեր առջեւ։

29Դարձէ՛ք, կ’աղաչեմ, որ անիրաւութիւն չըլլայ։ Այո՛, դարձէ՛ք, քանզի ասով իմ արդարութիւնս կը յայտնուի ։

30Միթէ իմ լեզուիս վրայ անիրաւութիւն կա՞յ. Միթէ իմ քիմքս չար բաները չի՞ կրնար զանազանել»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 6.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.