1Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխան տուաւ ու ըսաւ.
2«Պիտի վշտանա՞ս արդեօք՝ եթէ սկսինք քեզի խօսիլ։ Բայց ո՞վ կրնայ զինք զսպել, որ չխօսի։
3Ահա դուն շատերուն խրատ տուիր Ու տկար ձեռքերը զօրացուցիր։
4Քու խօսքերդ սահելու վրայ եղողը հաստատեցին Ու դուն տկարացած ծունկերը կազդուրեցիր.
5Բայց հիմա այս փորձանքը քեզի պատահեցաւ ու դժուարացար. Քեզի դպաւ ու բոլորովին շփոթեցար։
6Միթէ աստուածապաշտութիւնը քու յոյսդ չէ՞ Ու ճամբաներուդ ուղղութիւնը՝ քու ակնկալութիւնդ։
7Աղէ՜, մի՛տքդ բեր. ո՞ր անմեղը կորսուեցաւ Եւ ո՞ւր արդարները բնաջինջ եղան։
8Ինչպէս տեսայ, անօրէնութիւն հերկողները Եւ անիրաւութիւն ցանողները նոյնը կը հնձեն։
9Աստուծոյ շունչէն կը կորսուին Ու անոր ռնգունքին արտաշնչումէն բնաջինջ կ’ըլլան։
10Անիկա կը խափանէ առիւծին մռնչիւնը եւ մռնչող առիւծին ձայնը Ու կորիւններուն ակռաները կը կոտրտուին։
11Առիւծը առանց որսի կը կորսուի Ու մատակ առիւծին կորիւնները կը ցրուին։
12Ինծի գաղտուկ կերպով խօսք մը ըսուեցաւ Ու անոր շշունջը ականջս հասաւ։
13Գիշերուան տեսիլքներուն արհաւիրքը Քունի մէջ թմրած մարդուն վրայ կ’իջնէ։
14Վրաս այնպիսի վախ մը ու դող մը եկաւ, Որ բոլոր ոսկորներս ցնցեց։
15Առջեւէս ոգի մը անցաւ Ու մարմնիս մազերը փուշ փուշ եղան։
16Անիկա կայնեցաւ, բայց ես չկրցայ զանազանել անոր կերպարանքը. Աչքերուս առջեւ երեւոյթ մը կար։ Լռութիւն եղաւ ու ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր.
17«Միթէ մարդը Աստուծոյ առջեւ արդար կրնա՞յ ըլլալ, Մարդը Արարիչէն աւելի մաքուր կրնա՞յ ըլլալ»։
18Ահա անիկա իր ծառաներուն չի հաւատար։ Իր հրեշտակներուն վրայ պակասութիւն կը գտնէ։
19Ալ ո՞ւր կը մնան անոնք, որ կաւեղէն տուներու մէջ կը բնակին, Որոնց հիմը փոշիին մէջ է եւ որոնք ցեցէն առաջ կը ճզմուին։
20Անոնք առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կը ճնշուին Ու առանց մէկուն իմանալուն կը կորսուին յաւիտեան։
21Ահա անոնց վրայ եղած փառաւորութիւնը կը վերցուի։ Անոնք կը մեռնին առանց իմաստուն ըլլալու»։